2013-01-23 13:00:50

Մալիի Սեկու Թեմի Առաջնորդի Մտավախութիւնները Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Գոյատեւումին Մասին,


Այն պարագային որ զինեալ ընդհարումը երկարի։
Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով Մալիի Սեկու թեմի առաջնորդը գերապայծառ Թրաորէ ըսաւ որ եթէ պատերազմը երկարի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայութիւնը վտանգի մէջ պիտի ըլլայ։ Նոյնիսկ եթէ եկեղեցիները տակաւին վնասուած չեն, հաւատացեալները վախ ունին տունէն դուրս ելլելու ու եկեղեցի յաճախելու։ Ապա գերապայծառը դիտել տուաւ որ Մալիի իսլամներու ու քրիստոնեաներու միջեւ կապերը լաւ են եւ չեն վրդոված ծայրայեղ մահմետականներէն։ Երկրի բոլոր կրօնապետերու միջեւ կապերը ամուր են ու միասնաբար կը գործեն երկրի աշխարհային դրութեան պահպանումին։ Նշենք որ Մալիի կաթողիկէ եկեղեցին ունի վեց թեմեր եւ հաւատացեալները կը ներկայացնեն 15,8 միլիոն բնակչութեան 2 տոկոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.