2013-01-23 12:51:11

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն
Յովհաննէս Սարկաւագ Վարդապետ


Նախ եւ առաջ մեր հետաքրքրութիւնը կ՛արթննայ թէ ինչպէս կրնայ մէկը վարդապետ ըլլալ եւ կոչուիլ սարկաւագ. Այս պարագային` Յովհաննէս ձեռնադրուած է սարկաւագ եւ առանց աբեղայ ըլլալու, այսինքն առանց ստանալու քահանայական ձեռնադրութիւնը, ստացած է վարդապետական աստիճան, ուսուցանելու համար աստուածաբանութիւն եւ եկեղեցական այլ գիտութիւններ։ Բացառիկ պարագայ մըն է այս մեր հայ կղերին մէջ, անոր համար ալ շատ աւելի ճանչցուած է Սարկաւագ Վարդապետի անունով։
Իրմով կը բացուի 12-րդ դարը, որ է մեր մատենագրութեան նոր կամ երկրորդ ոսկեդարը։ Յովհաննէս ծնած է Արցախի գիւղերէն մէկուն մէջ, մօտ 1050 թուին։ Քահանայի զաւակ, հայրը զինք դրաւ Հաղբատի եւ Սանահինի վանքերուն մէջ, որպէսզի ստանայ հոգեւոր բարձր կրթութիւն։ Յովհաննէս ալ ուշիմ աշակերտ ըլլալով եւ մանաւանդ գեղեցիկ ձայնով օժտուած ըլլալով` յառաջդիմեց բոլոր գիտութիւններուն մէջ որ ջամբուեցան իրեն եւ մանաւանդ երաժշտութեան արուեստին մէջ։
Զինք ճանչցողները կը վկայեն իր մասին ըսելով. Հանճարեղ յամենայնի եւ մտահարուստ, ինչպէս նաեւ յոյժ իմաստուն եւ աստուածային շնորհօք զարդարեալ։ Ան փորձեց կարգաւորել հայկական տոմարը եւ կազմեց Սարկաւագադիրը. Սակայն մեծ յաջողութիւն չունեցաւ։ Մեծ ջանք տարաւ մանուկներու դաստիարակութեան գործին մէջ եւ կրնանք ըսել թէ ան իրաւացիօրէն մեր ազգի առաջին հոգեբան դաստիարակը հանդիսացաւ։ Իր խրատներովն ու օրինակովը քաջալերեց զանոնք գիտութեան մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքավարութեան մէջ։
Ան եղաւ առաջնորդ Հաղբատի վանքին եւ կոչուեցաւ Աբբայ. Շատ աշխատեցաւ ներքին բարեկարգութիւններ կատարելու համար. Մեծ յարգանք ունէր սրբանկարներու հանդէպ, ո՛ր ազգի ալ պատկանէին անոնք։ Վրացիներու Դաւիթ թագաւորը մեծ յարգանք ունէր իրեն հանդէպ, եւ երբ հանդիպէր իրեն, գլուխը կը խոնարհեցնէր իր առջեւ, խնդրելով իր օրհնութիւնը։ Զինք կոչած են նաեւ Սոփեստոս, փիլիսոփայութեան մէջ իր ունեցած գիտութեան համար։ Յովհաննէս Սարկաւագ վարդապետ վախճանած է Հաղբատի վանքին մէջ, 1129-ին։
Գլխաւոր գործը որ իրեն կը վերագրուի եւ որ դժբախտաբար մեր ձեռքը չէ հասած իր Պատմութիւնն է, որ կը խօսի մասնաւորապէս ժամանակակից արշաւանքներու մասին Սելճուքներու կողմէ։
Նշանաւոր է իր Յաղագս քահանայութեան ճառը, որ խրատական մըն է Աստուծոյ սուրբ սեղանին նուիրուողներուն։ Ունի նաեւ սքանչելի Աղօթամատոյց մը, ուր կան սրտաշարժ աղօթքներ, գրուած վանական առանձնութեան մէջ։ Վասն պատկերաց ընդունելութեան, ուր կը բացատրէ թէ ինչու պէտք է յարգել սուրբ պատկերները. Ներբողեան ի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, լուրջ գաղափարներով գրուած գեղեցիկ ճառ մը. Ունի նաեւ Պայծառացան այսօր գեղեցկահիւս շարականը, նուիրուած Ղեւոնդեանց քահանայից։ Շատ գողտրիկ ոճով գրուած` ունի Սարեակ թռչունին նուիրուած քերթուած մը որ կը բաղկանայ 188 տողերէ եւ կը կազմէ մեր գրականութեան գոհարներէն մին։
Շատ մը ուրիշ գործեր ալ ունի, որոնցմէ մաս մը մեզի հասած են եւ մեծ մասը կորսուած են։ Իրեն կը վերագրուին մասնաւորապէս զանազան գիտական աշխատանքներ, թուաբանական, աստղաբաշխական, տօնացոյցի վերաբերեալ, տոմարական եւ այլ գրութիւններ. Եղած է բեղուն գրիչ եւ իմաստուն դաստիարակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.