Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքի Ընտրութիւնը Սկիզբ Կ՝առնէ Այսօր։
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Յունուար 23-ին կը սկսի պատրիարքի ընտրութեան
առաջին փուլը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը հաղորդէ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց
միաբանութեան անդամ Հայր Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան: Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքի ընտրութեան
մասնկացելու իրաւունք ունին միայն միաբանութեան կուսակրօն անդամները, որոնք 33 հոգի են: Պատրիարքի
ընտրութիւնը պիտի ընթանայ երկու փուլով: Առաջին փուլով` գաղտնի քուէարկութեամբ` պիտի
ընտրուի ամենաշատ ձայն հաւաքած հինգ թեկնածու: Երուսաղէմի Ուխտի կանոնադրութեան (1882թ.)
համաձայն` պատրիարքի թեկնածու կրնան ըլլալ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան 35 տարին լրացած
վարդապետներն ու եպիսկոպոսները: Ընտրութեան երկրորդ փուլով պատրիարք կ’ընտրուի հինգ
թեկնածուներէն մէկը` ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ` կէսէն աւելի, իսկ պատրիարքի
օծման օրը կ’որոշուի ընտրութենէն ետք: Երուսաղէմի պատրիարքի աթոռը թափուր մնացած էր
լուսահոգի ամենապատիւ Տէր Թորգոմ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի վախճանէն ետք (1990-2012):