Պուլկարիոյ Հայ Համայնքը Յարգեց Պաքուի Ջարդերուն Զոհ Գացած Հայորդիները ։
Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ Հայոց թեմի բոլոր մշտապէս գործող եկեղեցիներու
մէջ, Յունուար 20-ին Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւններ կատարուեցան
ի յիշատակ Պաքուի ջարդերուն զոհ գացած հայորդիներու: Նոյն օրը Պուլկարիոյ Հայոց
թեմի Առաջնորդական տեղապահ Հոգեշնորհ Տ. Աբգար վրդ. Յովակիմեան Սուրբ Պատարագ մատոյց
եւ Ջրօրհնէքի Կարգ կատարեց Պազարճիկ քաղաքի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ: Նոյն երեկոյ
Հոգեշնորհ Տ. Աբգար վրդ. Յովակիմեան եւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Ռուբէն Գրիգորեան
մասնակցեցան Պլովտիւի հայոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Եկեղեցական վարչութեան նիստին։