2013-01-22 11:33:07

Մամլոյ Ասուլիս, Ներկայացնելու՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ՜՜Ընկերային Հաղորդակցութեան Համաշխարհային 47-րդ Օրուայ՝՝ Պատգամը


Հինգշաբթի 24 յունուարի՝ առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի՝ ՅՊԲ-ի՝՝ անուան սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, ներակայացնելու համար Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ''Ընկերային Հաղորդակցութեան Համաշխարհային 47-րդ օրուայ՝՝ պատգամը, որ ունի որպէս նիւթ ''Ընկերային ցանցեր, աւետարանութեան նոր տարածքներ''։
Մամլոյս Ասուլիսը կը ներկայացնեն Գերապայծառ Գալուտիօ Մարիա Չելլի ընկերային հաղորդակցութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, եւ գերապայծառ Փօլ Թիկէ քարտուղարը յիշեալ խորհուրդին։







All the contents on this site are copyrighted ©.