2013-01-22 13:53:34

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իսրայէլի Մէջ։


Իսրայէլի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները ընթացք առին այսօր 22 Յունուար,տեղական ժամով ժամը՝ 07։00-ին։ Ընտրական կեդրոնները կը փակուին երեկոյեան ժամը 10։00-ին։
Իսրայէլի մէջ այսոր կը կայանան խորհրդարանական վաղաժամկէտ ընտրութիւններ: 19-րդ գումարման Քնեսեթի (խորհրդարանի) 120 տեղերու համար կը պայքարին 32 կուսակցութիւններ եւ ընտրադաշինքներ, բայց խորհրդարանին մէջ տեղ գրաւելու իրապէս կրնան յուսալ 15-էն ոչ աւելին:
Վերջին վարկանիշներուն համաձայն` նախընտրական արշաւի ակնյայտ նախասիրութիւն կը մնայ «Լիքուդ-Պէյդէյնու» ընտրական դաշինքը, ուր միասնական ցուցակով հանդէս կու գան ներկայ վարչապետ Բենիամին Նաթանեահուի կուսակցութիւնը եւ «Մեր տունը Իսրայէլն է» կազմակերպութիւնը, որ կը ղեկավարէ Աւիկտոր Լիպերմանը:
Ընտրութիւններու ընթացքին կարգը կ՝ապահովեն աւելի քան 20.000 ոստիկաններ: Քուէարկութեան համար բացուած են աւելի քան 10.000 ընտրական տեղամասեր , իսկ քուէարկելու իրաւունք ունին Իսրայէլի աւելի քան 5 միլիոն քաղաքացիները : Ընտրութիւնները պիտի արժեն քառորդ միլիառ տոլար` նկատի առնելով, որ պետական ձեռնարկութիւններն ու գերատեսչութիւնները կը ստանան հանգստեան օր:
Նշենք որ Երեսփոխան Ցիփի Լիւնի յայտնած էր թէ Քաթար 3 միլիոն տոլարով ֆինանսաւորած է Նեթանիահուի ընտրապայքարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.