2013-01-22 14:05:25

Գերմանիոյ Վուբբերդալ Քաղաքին Մէջ Մանկական Համերգ՝ Սուրիոյ Քրիստոնեայ Դպրոցներուն Օգնելու Համար։


Գերմանիոյ Վուբբերդալ քաղաքին մէջ Յունուար 26-ին պիտի կայանայ մանկական բարեգործական համերգ մը , որմէ ստացուած ողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Սուրիոյ քրիստոնեայ դպրոցականներուն: Այս մասին կը յայտնեն Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի մամուլի յանձնախումբէն:
Ծրագիրի գլխաւոր պատասխանատուները` Ալիսա Եփրեմեան եւ Ազատ Օրտուխանեան համերգին ընդգրկած են միայն գերմանացի եւ այլ ազգերու պատկանող երխաները (հայ երաժիշտ երեխաները այս անգամ համերգին պիտի մասնակցին միայն իբրեւ ունկնդիր), նպատակ ունենալով եւրոպացի երեխաներուն աւելի տեղեկացնելու Սուրիոյ իրենց տարեկից քրիստոնեայ հաւատակիցներու ներկայ ծանր կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ ահազանգ հնչեցնելու՝ գերմանական բարեգործական շրջանակներուն եւ իշխանութիւններուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.