Առնօ Բաբաջանեան Այսօր 22 Յունուար Պիտի Տօնէր իր Ծննդեան 92րդ տարին։
Երաժշտահան, դաշնակահար Առնօ Բաբաջանեանը արդարեւ ծնած էր Երեւան 22 Յունուար 1921-ին:
Արամ Խաչատրեան անոր տաղանդը նկատած էր, երբ ան տակաւին 5 տարեկան էր եւ որոշած, որ տղան
պէտք է երաժշտութեամբ զբաղի: Այնուհետեւ, 1929-ին ընդունուած է Երեւանի պետական երաժշտանոցին
կից երաժշտական դպրոցը, որ աւարտելէ ետք յաճախած է երաժշտանոց: Այնուհետեւ, 1948-ին ուսումը
շարունակած է Մոսկուայի երաժշտանոցի դաշնամուրի բաժնին մէջ` միաժամանակ կատարելագործուելով
Մոսկուայի մէջ գործող Հայաստանի մշակոյթի տան կից գտնուող արուեստանոցին մէջ: 1950-1956
թթ. դասաւանդած է Երեւանի երաժշտանոցին մէջ: 1956-էն ետք հաստատուած է Մոսկուա, ուր եւ
մահացած է 11 Նոյեմբեր 1983-ին: