2013-01-22 11:33:38

80 Տարի Առաջ Պելկիոյ Մէջ Տեղի Կ'ունենար ՜՜Աղքատներու Տիրամօր Երեւումը՝՝ Գեղջկուհի՝ Մարիէթ Պեքոյին։


Ս. Կոյս Մարիամ, 1933-ի՝ 15 յունուարէն մինչեւ 2 մարտ, ութը անգամ երեւեցած է Պելկիոյ Լիեժ քաղաքի մօտ ապրող՝ 11-մեայ գեղջկուհի Մարիէթ Պեքոյին։
15 յունուար 2013ին՝ Լիէժ քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր ծիսակատարութեամբ ոգեկոչուեցաւ այս մեծ դէպքը։ Սրբազան արարողութիւնը գլխաւորեց Պելկիոյ մօտ Ս. Աթոռի դեսպան՝ գերապայծառ Պերլեգօ, շրջապատուած՝ տասը հոգեւորականներով։
Իր արտասանած քարոզին մէջ, գերապայծառ Պերլեքօ վերակոչեց Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը 1985-ին։ Այդ առթիւ երջանկայիշատակ Քահանայապետը, հանդիպում ունեցած էր Մարիէթ Պեքոյին հետ ։ Մարիէթ Պեքօ իր մահկանացուն կնքած է 2 դեկտեմբեր 2011-ին՝ 90 տարեկանին։
Նշենք որ ամէն տարի բազմահազար ուխտաւորներ կ'այցելեն ''աղքատներու Տիրամօր'' սրբավայրը, հայցելու՝ անոր բարեխօսութիւնը։
Մարիէթ Պեքօ ծնած էր 25 մարտ 1917-ին, անդրանիկ դուստրն էր աղքատ ընտանիքի մը, որ ունէր 7 զաւակ ։ Կիրակի օր՝ 15 յունուար 1933-ին Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը` կոչուած ''աղքատներու Կոյսը'' անոր կ'երեւար իրենց փոքր տան պարտէզին մէջ։ Կոյսը ձեռքի նշանով կը կանչէր զինք, սակայն Մարիէթի մայրը կ'արգիլէր զինք տունէն դուրս ելլելու։ Այս երւումին կը յաջորդէ այլ եօթը երեւումներ, եւ ՜՜վերջինը՝՝ տեղի ունեցաւ 2 մարտ 1933-ին։









All the contents on this site are copyrighted ©.