2013-01-22 13:55:54

21 Յունուարին Հայաստանի Մէջ Սկիզբ Առաւ Նախագահական Ընտրութիւններու Քարոզարշաւը ։


21 Յունուարին (երէկ) սկսաւ Հայաստանի նախագահի 18 փետրուարի ընտրութիւններու պաշտօնական քարոզարշաւը:
Նախագահի պաշտօնին համար կը մրցին 8 թեկնածուներ` Ազատութիւն կուսակցութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան պատգամաւոր, Հայաստանի նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան, Ազգային ինքնորոշում միաւորման նախագահ Պարոյր Հայրիկեան, Ազգային համաձայնութիւն կուսակցութեան ղեկավար Արամ Յարութիւնեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, «Ռատիօ-հայ»-ի տնօրէն, քաղաքագէտ Անդրէաս Ղուկասեան, Ղարաբաղի նախկին արտաքին գործոց նախարար Արման Մելիքեան, Հայաստանի գործող նախագահ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեան եւ գործազուրկ, դիւցազնագէտ Վարդան Սեդրակեան:
Քարոզարշաւը պիտի շարունակուի մինչեւ 16 փետրուար:








All the contents on this site are copyrighted ©.