2013-01-21 13:29:36

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Սրբուհի Ագնէսի Տօնը։


Երկուշաբթի 21 Յունուարի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Անճէլօ Պանիասքօն որուն կ՛ընկերանային Իտալիոյ Քալապրիա Մարզէն 5 եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցլելութիւնը կատարելու Ս Պետրոսի յաջորդին։

Յայտնենք որ Քալապրիա Մարզը ունի 15,629 քմ գառակուսի տարածք եւ 1,956 հազար բնակչութիւն։ Այնտեղ կը գործեն աւելի քան 980 ժողովրդապետութիւններ։ Կան 1.438 կուսակրօն քահանաներ եւ 183 մնայուն սարկաւագներ։ Քալապրիա Մարզի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահն է գերապայծառ Վիթթորիօ Լուիճի Մոնտէլլոն։ Յայտնենք նաեւ որ 2011-ի հոկտեմբեր 9-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կատարած էր Քալապարիայի Լամէցիա Թերմէ եւ Թէրրա Սան Պարունօ քաղաքներուն։

Պենետիկտոս ԺԶ ապա ժամը 12,15 ին, աւանդութեան համաձայն, Սրբուհի Ագնէսի տօնին առթիւ (ըստ լատինաց) օրհնեց 2 նորածին գառնուկներ որուն բուրդով ապա կը հիւսուի ''Պալիումը'' կամ Եմիփերոնը։
Պալիումը ուրար մըն է, զոր Հայրապետը կը կրէ շուրջառին վրայէն, զայն փաթթելով մարմնին շուրջ եւ ուսէ ուս։ Պալիումը ունի խաչի հինգ զարդարանք՝ որ կը յիշեցնեն Յիսուսի չարչարանքները։
Պալիումի գործածութիւնը սկսած է 5-րդ դարուն եւ կը խորհրդանշէ կորսուած ոչխարը, որ հայրապետը իր ուսերուն վրայ կը դնէ։ Անիկա կը կապուի երեք մետաղէ գնդասեղներով ՝ որ կը յիշեցնեն Բարի Հովիւին խաչին վրայ կրած վէրքերը։ Պալիումը որ ինչպէս ըսինք հիւսուած է լոկ ոչխարի բուրդէ կը տրուի նորընտիր եպիսկոպոսներուն խորհրդանշելու համար անոնց յատուկ կապն ու հաղորդութիւնը առաքելական աթոռին հետ։ Սոյն տուչութեան արարողութիւնը, գլխաւորուած Սրբազան Քահանայապետի կողմէ, ընդհանրապէս կը կատարուի Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը, 29 Յունիսին ։
Հռովմէացի նահատակ` Սրբուհի Ագնէսը աւանդական մանրանկարչութեան մէջ յաճախ ներկայացուած է ուսերուն վրայ գառնուկով։








All the contents on this site are copyrighted ©.