2013-01-21 13:08:19

Ընդհարումներ՝ Դամասկոսի եւ Իտլիպի Արուարձաններու Մէջ։ Արիւնալի Կիրակի մը։ /a> Քանդուած՝ Սուրիոյ Մօտ 48 Հիւանդանոցները։


Սուրիոյ Առողջապահութեան նախարար Սաատ Ալ Նայեֆ, նախարարութեան վարչութեան եւ բաժնի պետերու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, քննարկած է Սուրիոյ Առողջապահութեան ոլորտէն ներս դիագրաւուած մարտահրաւէրները, դժուարութիւնները, կարիքները եւ քաղաքացիներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու խնդիրները։ (Այս մասին կը յայտնէ RT-ն) ։
Յունուար 20-ին տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին, նախարարը յայտնած է, որ դժուարութիւններու պատճառներն են՝ տնտեսական շրջափակումը ( որուն ենթարկուած է Սուրիա) եւ ահաբեկչական գործողութիւնները, որուն հետեւանք քանդուած են աւելի քան 48 հիւանդանոցներ, որոնցմէ 27-ը գործածութէենէ դուրս են արդէն։ Անգործածելի են նաեւ 400 շտապ -օգնութեան մեքենաներէն 200-ը, ինչպէս նաեւ առողջապահական ոլորտէն ներս աշխատող 52 բժիշկերներ եւ բուժքոյրերեր զոհուած են, 72ը վիրաւոր է, իսկ 20ը առեուանգուած ։








All the contents on this site are copyrighted ©.