2013-01-19 12:39:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Գոր Ունում Բարեսիրական Մարմնի Խորհուրդի Անդամները։


Շաբաթ 19 յունուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Պենետկտիոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Մարք Ուելլէն։ Ան ապա ժամը 12-ին Գոնչիսթորօ Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Գոր Ունում - Մէկ Սիրտ Քահանայապետական բարեսիրական մամրնի խորհուրդի 50 անդամներուն որոնք 17 - 19 յունուար իրենց տարեկան լիանիստ ժողովը գուրամարած էին Հռոմի մէջ։
Անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց հանդիպումին համար ու շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալ Րոպէր Սարայի արտասանած խօսքերուն։ ''ձեր վկայութիւնը կը բանայ Հաւատոյ Դուռը այն անձերուն որ կը փնտռէն Քրիստոսի Սէրը եւ այս Հաւատոյ Տարուայ ընթացքին ձեր լիանիստ ժողովի ընտրած նիւթը ''Ողորմութիւն. նոր բարոյագիտութիւն եւ քրիստոնէական մարդաբանութիւն'' կ՛արտացոլէ այն ազդեցիկ կապը ընդմէջ սիրոյ եւ ճշմարտութեան կամ ալ եթէ նախընտրենք Հաւատքի եւ բարեգործութեան միջեւ։
Քրիստոնէական Սէրը իր արմատը կը գտնէ Հաւատքին մէջ։ Հանդիպելով Աստուծոյ եւ ապրելով Անոր սէրը կը սորվինք ''չ՛ապրիլ մենք մեզի համար այլ Իրեն համար ու Անոր միջոցաւ միւսներուն համար'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ապա խորհրդածութիւն մը կատարեց Հաւատքի եւ Ողորմութեան միջեւ սերտ կապի մասին։
''Քրիստոնեան որ կը գործէ բարեսիրական մարմիններու մէջ պէտք է հետեւի Հաւատքի սկզբունքներուն, որոնց միջոցաւ մենք կը միտինք Աստուծոյ տեսակէտին ու Անոր մեզի համար պատրաստած ծրագիրին։
Ամէն ժամանակներուն երբ մարդը այդ ծրագիրէն հեռացաւ ստրուկ դարձաւ մշակութային փորձութիւններուն։Վայրագ դրամատիրութիւնը կը յառաջացնէ տագնապ, անհաւասարութիւն եւ աղքատութիւն։ Մարդ արարածը շատ անգամ կը փափաքի ըլլալ անկախ ու ազատ` կարծելով որ իր երջանկութիւնը ասոր մէջ կը կայանայ ու ինքզինք կը գտնէ առանձնութեան մէջ։
Հաւատքը ու քրիստոնէական առողջ դատանիշը մեզ կը հրաւիրեն ուշադրութիւն դարձնելու այս հարցին։ Եկեղեցւոյ Հովիւները պարտականութիւնը ունին զգուշացնելու ըլլայ կաթողիկէ հաւատացեալները, ըլլայ բարի կամք ունեցող մարդիկը այս գաղափարախօսութիւններու չարաշահումներէն։Եկեղեցին յանձնառու է նպաստելու մարդու զարգացումին իր լիարժէք արժանաւորութեամբ, հետեւելով Աստուծոյ ծրագիրին։ Արդարեւ Մարդու հանդէպ Քրիստոնէական տեսլակէտը մեծ ''Այո'' մըն է մարդկային արժանապատութեան որ կանչուած է Աստուծոյ հետ մտերմիկ հաղորդութեան, որդիական հաղորդութիւն մը հեզ եւ վստահութեամբ լի։
Եզրափակելով իր խօսքը Սրբազան Հայրը ակնարկեց ամուսնութեան հարցին ու այր եւ կնոջ միջեւ տարբերութեան ու գեղեցկութեան։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու զանոնք քաջալերեց ուրախ եւ առատաձեռն հոգիով շարունակելու իրենց գործունէութիւնը ու բոլորին տուաւ իր Հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.