Ուրբաթ, Յունուար 18ին, առնուազն 12 քաղաքացիներ սպաննուեցան եւ տասնեակներով ուրիշներ
վիրաւորուեցան, երբ ուժգին պայթում մը քանդեց սուրիական բանակի հակակշիռին տակ գտնուող
Հալէպի թաղամասերէն մէկուն մէջ բնակարանային շէնք մը: Պետական աղբիւրներու համաձայն՝
«ահաբեկիչներ» ռմբակոծած են այդ շէնքը, որ կը գտնուի Հալէպի արեւմտեան շրջաններուն մէջ,
սակայն ընդդիմութիւնը յարձակումին պատասխանատու համարեց Սուրիոյ իշխանութեան համակիր
ուժերը: Ուրբաթ օր զինեալներ յարձակած են նաեւ հարաւային Տարաա քաղաքի մզկիթներէն մէկուն
դիմացը կանգնած քաղաքացիներու վրայ՝ «զոհեր եւ վիրաւորներ» պատճառելով, սակայն անոնց
թիւը յստակ չէ տակաւին: Նոյն օրը, զինեալ բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ Դամասկոսի
Եարմուք պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ՝ առնուազն 12 զոհեր ու 20 վիրաւորներ պատճառելով:
Իսկ ընդդիմութեան աղբիւրները հաղորդած են, թէ Հոմսի մէջ տեղի ունեցած է ջարդ մը, որուն
զոհ գացած են 106 քաղաքայիններ: Նաեւ, Թրքական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Ուրբաթ օր
թրքական հիւանդանոցի մը մէջ մահացած է ֆրանսացի լրագրող մը, որ մէկ օր առաջ վիրաւորուած
էր Հալէպի մէջ: