2013-01-19 12:54:51

Կարսի Հայերու Պատկանող ՝՝Առաքելոց՝՝ Եկեղեցին Պատմութելան Ընթացքին Չորս Անգամ Մզկիթի Վերածուած ։


Կարսի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նահանգային վարչութեան ղեկավար Հաքան Տողանայ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին խոստովանած է, որ Կարս այցելող արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը առաջինը գրաւող ՝՝Առաքելոց՝՝ Եկեղեցին, պատմութեան ընթացքին չորս անգամ վերածուած է մզկիթի: Ինչպէս կը հաղորդէ Armenpress.am-ը` վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը։ Թուրք պաշտօնեան չէ խօսած եկեղեցւոյ հայկական ըլլալուն մասին: Ան նշած է, որ «12 առաքեալներուն նուիրուած եկեղեցին կառուցած են Բագրատունիները, որ այժմ կը գործէ իբրեւ մզկիթ»: (Բագրատունիներու մասին դասընթացք թուրք Նահանգապետին).
Կարսի ՝՝Առաքելոց՝՝ եկեղեցին հայկական ճարտարապետութեան գոհարներէն է: Հակառակ եկեղեցւոյ գմբէթի շրջագիծի երկայնքով 12 առաքեալներու քանդակներուն եւ բազմաթիւ խաչերու առկայութեան, պատմութեան ընթացքին ան ժամանակ առ ժամանակ վերածուած է մզկիթի: Թուրքերը այժմ զայն կը կոչեն «Գմբէթաւոր մզկիթ»: Մզկիթի վերածուած եկեղեցւոյ մէջ կրօնական արարողութիւններ կը կատարուին միայն մահմետական գլխաւոր տօներու ժամանակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.