2013-01-19 12:38:29

Թուրք Յայտնի Լրագրող Մեհմետ Ալի Պիրանտ Մահացած։ “Զիս յաճախ հայ կ’անուանեն: Ես հայ չեմ, իսկ եթէ Հայ ըլայի, ատով միայն պիտի հպարտանայի” ( ըսած էր ան) :


Յունուար 17ին, Պոլսոյ մէջ մահացաւ Թուրք յայտնի քաղաքական վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ՝ քաղցկեղի դարմանումներու ընթացքին: Ան 71 տարեկան էր: Մօտաւորապէս տարի մը առաջ, Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացումէն ետք, հակադարձելով Թուրքիոյ մէջ Փարիզի դէմ սկսած յարձակումներուն՝ ան կոչ ըրաւ իշխանութեանց եւ հանրութեան, որ լրջօրէն ուսումնասիրեն «1915ի իրադարձութիւնները»: «Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ որեւէ երկրի կողմէ 1915ի իրադարձութիւնները Ցեղասպանութիւն համարուելէ ետք՝ թրքական կողմէն հնչող սպառնալիքները, դեսպաններու ետկանչը, ժամանակաւոր պատժամիջոցները եւ բարձրաձայն պոռալը ոչ մէկ արժէք եւ ազդեցութիւն ունին: Ցեղասպանութեան պնդումները դիմակայելու համար, անհրաժեշտ է լաւ հասկնալ, թէ իրապէս ի՞նչ տեղի ունեցած է 1915ին: Թրքական հասարակութեան մեծ մասը ծանօթ չէ այդ իրադարձութեանց՝՝ ըսած էր ան:
Ապա հարցազրոյցի մը ընթացքին Խօսելով իր ծագման մասին` Պիրանտ ըսած է, որ ինքը ասիմիլացուած քիւրտ է, սակայն իրեն յաճախ հայ կը կոչեն:
“Զիս յաճախ հայ կ’անուանեն: Ես հայ չեմ, իսկ եթէ հայ ըլլայի, ատով միայն պիտի հպարտանայի”, ըսած էր ան:
Հայաստանի գրեթէ բոլոր թերթերը յարգանքով տուին Մեհմետ Ալի Պիրանտի մահուան բօթը,նշելով որ ան իր մեծ դերն ու փափաքը ունեցած էր Հայ-Թուրք յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացքին մէջ։ Կը պաշտպանէր այն տեսակէտը թէ Թուրքիա չի կրնար Եւրոմիութեան լիարժէք անդամ դառնալ մինչեւ որ չճանչնայ 1915-ի Պատասխանատուութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.