''Ապրուած համամիութիւնը մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի միութիւն'' Կ՛ըսէ Կարդինալ Գոխ։
Քրիստոնեաներու միութեան զարգացումի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Գուրտ
Գոխը` Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ առթիւ (18- 2 5 յունուար) Ռատիովատիկանի
հետ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին հաստատած է թէ ''համամիութիւնը քաղաքական կամ դիւանագիտական
հարց մը չէ այլ հաւատքի հարց է. Ինչ որ մեզ աւելի կը միացնէ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդն
է որ ճանչցուած է բոլորէն ինչպէս նաեւ առաքելական հաւատքը։ Այս ուղղութեամբ Հաւատոյ Տարին
մեծ մարտահրաւէր մըն է վերագտնելու համար համամիութեան արմատները որուն ակնաղբիւրը հաւատքն
է։'' Հաստատած է Քրիստոնեաներու միութեան զարգացումի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը
ու ապա մատնանշած է թէ ''ապրուած համամիութիւնն է որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի միութիւն։'' Հարցազրոյաի
առթիւ Կարդինալ Գոխ ակնարկած է նաեւ վերջին 50 տարիներուն ընթացքին արձանագրուած համամիութենական
յառաջդիմութիւններուն ու դիտել տուած է թէ ''ասով հանդերձ տակաւին շատ բան կայ ընելիք
հասնելու համար իսկական միութեան։ Կարդինալ Գոխը հուսկ խօսած է Կաթողիկէ - Օրթոտոքս
երկխօսութեան մասին ու այս ուղղութեամբ իղձ յայտնեց Համա - Օրթոտոքս Սիւհոդոսի մը գումարումի
առնջութեամբ` որ վերջ դնէ Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ կայացած ''լարուածութիւններուն''։
Այս մէկը - աւելցուցած է Կարդինալը - մեծապէս պիտի պաստէ համամիութենական երկխօսութեան
յառաջացումին։ Յայտնենք որ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը տեղի կ՛ունենայ
ամէն տարի 18- 2 5 յունուար։ Այս տարուայ նիւթը առնուած է Միքիայ մարգարէի խօսքերէն ''Այն
ինչ որ Տէրը մեզմէ կը պահանջէ''։