2013-01-18 12:51:54

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունեց Վրաստանի Վարչապետը։


Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհաւորեց Պիծինա Իվանիշվիլին` Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն տարած իր յաղթանակին առիթով: Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Վրաստանի նոր կառավարութիւնը պատիւով կատարէ իր ստանձնած պարտականութիւնները: Նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստանը շահագրգռուած է Վրաստանի մէջ կայունութեան պահպանմամբ եւ կը փափաքի առաւել ամրապնդել եղբայրական յարաբերութիւնները, որոնք օգուտ կը բերեն թէ ՛ հայ, եւ՛ թէ վրացի ժողովուրդներուն:
Վրաստանի վարչապետը վստահեցուց, որ իր կառավարութիւնը կարելի ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի հայ-վրացական յարաբերութիւնները պատմութեան մէջ դառնան լաւագոյնը: Պիծինա Իվանիշվիլի նշեց, որ Հայաստանի վարչապետին հետ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր հարցերուն շուրջ հանգամանալի բանակցութիւններ վարած է, եւ առիթ չկայ մտածելու, թէ որեւէ հարցով կողմերը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելու խնդիր կ’ունենան:








All the contents on this site are copyrighted ©.