2013-01-18 12:18:21

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ
ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ ՅՂԱՑՈՒՄԸ՝ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳՒՈՅՆ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ


Բացատրութիւնները զորս տուինք նախորդ հաղորդումներուն մէջ, բոլորովին բաւարար են հասկնալու համար թէ Աստուած որքան մեծ բարիք մը ըրած է մարդոց, զանոնք ազատելով ամեմէն անգութ բռնաւորին՝ սատանային գերութենէն: Բայց եթէ մտածենք միջոցներու վրայ զորս յատկապեց կիրարկեց այս նպատակին հասնելու համար, ոչինչ պիտի գտնենք այնքան տպաւորիչ եւ հոյակապ, ինչպէս իր բարութիւնը եւ վեհանձնութիւնը մեզի հանդէպ:
Այս խորհրդածութիւնը մեզ պիտի օգնէ տեսնելու մեծութիւնը մարդեղութեան խորհուրդին, որուն մասին այնքան յաճախ խորհելու կը հրաւիրէ մեզ Ս. Գիրքը: Մենք կը հաւատանք եւ կը խոստովանինք թէ մեր Տէրը եւ Աստուծոյ Միածինը՝ Յիսուս Քրիստոս, մարմնանալով մեզի համար Կոյսի մը արգանդին մէջ, չյղացուեցաւ մարդկային ձեւով ինչպէս մոյս մարդիկը, այլ Աստուաղային մ իջամտութեամբ եւ մի միայն Ս. ՀՈՒԳՈՅՆ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ (Յովհ. Ա, 14): Այսպէս որ նոյն Անձը մնալով Աստուած, ինչպէս էր կանխաւ ի յաւիտենից, դարձաւ մարդ, ինչ որ չէր կանխաւ:
Կոստոնդնուպոլսոյ Ս. Ժողովին Հաւատոյ դաւանութիւնը յստակօրէն կը փաստէ թէ այդ խօսքերը վերոյիշեալ իմաստը ունին. Յիսուս Քրիստոս, կ՛ըսէ, իջաւ երկինքէն մեր սիրոյն ու մեր փրկութեան համար. Ան մարմնացաւ Կոյս Մարիամի արգանդին մէջ, Ս. Հոգւոյն զօրութեամբ, եւ մարդ եղաւ:
Նոյս ձեւով բացատրած է այս Խորհուրդը, Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ. ան այս ծանօթութիւնը ստացած էր Փրկիչէն. ան յայտնելէ յետոյ Բանին բնութիւնը հետեւեալ խօսքերով. «Սկիզբը Բանը կար եւ Բանը Աստուծոյ մօտն էր եւ Բանը Աստուած էր» (Յովհ, Ա, 1), կը վերջացնէ այսպէս. «եւ Բանը մարդացաւ եւ բնակեցաւ մեզի հետ»: Ստուգիւ, Բանը, որ աստուածային Անձերէն մէկն է, առաւ մարդկային բնութիւնը այսպիսի կատարեալ կերպով, որ Անոր մէջ անբաժանելիօրէն մէկ Անձի մէջ միացան երկու բնութիւնները: եւ սակայն, այս հրաշալի միաւորման մէջ, իւրաքանչիւր բնութիւն կը պահէ իր գործողութիւնները եւ յատկութիւնները, այնպէս որ հռչակաւոր Ս. Լեւոն Պապը իրաւամբ ըսաւ. Աստուածային բնութեան փառքը չի չքացուց մարդկային բնութիւնը, եւ ոչ ալ մարդկային բնութեան բարձրացումը ոեւէ կորուստ մը պատճառեց աստուածային բնութեան:
Երբ կ՛ըսենք թէ Աստուծոյ Որդին յղացուեցաւ Ս. Հոգւոյն զօրութեամբ, ըսել չենք ուզէր որ այս Անձը առանձինը իրագործեց Մարդեղութեան Խորհուրդը: Իրաւ է որ միայն Որդին զգեցաւ մարդկային բնութիւնը, բայց աստուածային երեք Անձերը՝ Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին մասնակցեցան այս Խորհուրդին իրագործման:
Ստուգիւ, Քրիստոնէական Կրօնքի բացարձակ կանոններէն մէկն է՝ թէ ինչ որ Աստուած Իրմէ դուրս իրագործէ, հաւասարապէս կը պատկանի երեք Անձերուն. մէկը միւսէն անջատ չի գործեր երբեք: Միակ բանը որ Աստուածային երեք Անձերուն հասարակ չէ, որ չի կրնար ըլլալ, յառաջ գալու կերպն է: Ստուգիւ, Որդին ծնած է մի միայն Հօրմէն, մինչ Ս. Հոգին կը բխի Հօրմէն եւ Որդիէն: Բայց, իրենցմէ դուրս գործած ատեն, երեք Անձերը ունին միեւնոյն գործունէութիւնը, առանց ոչ մէկ տարբերութեան. եւ ասիկա իրական է նաեւ Մարդեղութեան Խորհուրդին իրագործման մէջ:
ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ







All the contents on this site are copyrighted ©.