2013-01-18 11:29:11

Կարդինալ Սանտրիին Միջամտութիւնը ԱՄՆի Միջին Արեւելքի Օգնութեան Հասնող Բարեսիրական Մարմնոյն` Շտապ Ոգնութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն։


ԱՄՆի միջին Արեւելքի օգնութեան հասնող բարեսիրական մարմինը, 16- 18 յունուար, իր ժողովը գումարած է Հռոմի։ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին` վերոյիշեալ ժողովի ընթացքին իր միջամտութեան մէջ պարզեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ներկայ ցաւալի իրավիճակը։
Ան իր մասնաւորապէս ընդգծեց Սուրիոյ քրիստոնեաներու տառապանքը, յատկապէս Հալէպի մէջ, ուր վերջերս քաղաքին համալսարանի վրայ խուժած ռումբերը սպաննցծ են աւելի քան 80 ուսանողները, մինչ կիսատարուայ գրաւոր քննութիւնները կը ներկայացնէին։
Կարդինալ Սանտրին ապա մատնանշեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն մշակութային, առողջապահական ու ընկերային մարզերէն ներս տուած սատարին ''Միջին Արեւելքի եկեղեցիները, ըսաւ Ան, իրենց աւանդութիւններով, մշակոյթներով ու հարուստ ծէսերով, ողջ վկայութիւն մըն են սկզբնական եկեղեցւոյ։ Անոնք կարիքը ունին զարգանալու լաւագոյնս դիմագրաւելու համար համամիութեան ու միջկրօնական մարտահրաւէրները։
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը ապա անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու գաղթականութեան հրատապ հարցին ''միջին արեւելքի քրիստոնեաները դէպի Արեւմուտք կը գաղթեն, զրկելով Միջին Արեւելքը երիտասարդ ու տաղանդաւոր ոյժերէն'' - ըսաւ ծիրանաւորը - միաժամանակ դիտել տալով, թէ Միջին Արեւելքի գաղթականները Արեւմուտքի մեծ քաղաքներու մէջ, դարձած են աւետարանութեան դերակատարներ։
Կարտինալ Սանտրին հուսկ կոչ ըրաւ այդ աշխարհամասի քրիստոնեաներուն նիւթական ու հոգեւոր նեցուկին, շեշտը մասնաւորապէս դնելով, Միջին Արեւելքի նոր սերունդի բարոյական ու հոգեւոր կազմաւորումի հարկաւորութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.