2013-01-18 12:49:26

Ալճերիոյ Մէջ Պատանդներ Փրկելու Գործողութեան Հաշուեկշիռը Ողբերգական։ Սպաննուած՝ 35 Օտար Պատանդներ եւ 15 Ալ-Գայիտայի Զինեալներ։


Ալճերիական Զինեալ ուժերը յարձակած են Ամէնաս գտնուող քարիւղի հանքի մը մէջ խումբ մը ալճերիացիներ եւ օտար պաշտօնեաներ պատանդ բռնած ծայրայեղ իսլամական զինեալներու վրայ՝ փրկելով 28 օտար ու տասնեակ տեղացի պատանդներ, սակայն գործողութեան ընթացքին սպաննուած են առնուազն 35 օտար պատանդներ, եւ 15 ծայրայեղ իսլամ զինեալներ։
Ալճերիական Իշխանութիւններու կողմէ չէ յայտարարուած զոհերու մասին պաշտօնական հաշուեկշիռ մը,իրականութեան մէջ Ալճէրիոյ զինեալ ուժերու գործողութիւնը վերջ գտած չէ ,եւ տակաւին նոյնիսկ ի զօրու կացութեան մասին յստակ ու ճշգրիտ տեղեկութիւններ չկան։
Օրինակի համար պատանդներու տագնապալի կացութեան առնչութեամբ 10 անգլիացի պատանդներու մասին ոչ մի տեղեկութիւն կայ։ Բազմաթիւ են տակաւին Ամէնասի քարիւղի հանքին մէջ օտարահպատակ պատանդ քաղաքացիները, եւ թէ զինեալ բախումները կը շարունակուին հանքին մէջ,հանքը որ կ՝օգտագործուի Ալճլերիոյ ինչպէս նաեւ Բրիտանական ու Նորվեկիական ընկերութեանց կողմէ։

Միւս կողմէ, Մալիի մէջ իսլամականներու դէմ տեղի ունեցող ֆրանսական զինուորական գործողութեան իբրեւ բողոք ՝ Չորեքշաբթի օր Սոմալիոյ ծայրայեղ իսլամականները սպաննած են 2009էն ի վեր պատանդ պահուող «ֆրանսացի գաղտնի գործակալ մը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.