Հայաստանի ու Վրաստանի կառավարութեան ղեկավարներու այսօր տեղի ունեցած առանձին հանդիպումէն
ետք լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին` Վրաստանի վարչապետ Պիձինա Իվանիշվիլի յայտարարած
է, թէ հանդիպումը անցած է շատ ջերմ: Ասիկա Վրաստանի Վարչապետի այս տարուան առաջին օտարերկրեայ
այցն է: Երեւանի մէջ նախատեսուած են Վրաստանի վարչապետի հանդիպումները ՀՀ նախագահ
Սերժ Սարգսեանի, ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց
Կաթողիկոսի, ինչպէս նաեւ ՀՀ արտաքին գործերու , ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու եւ տնտեսութեան
նախարարներու հետ: Պիձինա Իվանիշվիլի պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ` յարգանքի տուրք մատուցելու
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ան նաեւ պիտի այցելէ Մատենադարան: Երեւանի
մէջ գտնուող Վրաստանի Վարչապետին, հայ լրագրողները հարց տուած են, թէ ինչ ակնկալիքներ
կրնայ ունենալ հայ համայնքը Վրաստանի կառավարութենէն, քանի որ Վրաստանի մէջ ապրող բազմաթիւ
հայերու մեծ մասը քուէարկած է «Վրացական Երազանք»-ի եւ անոր նախընտրական ծրագիրի օգտին:
«Վրաստանի կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որ այնտեղ ապրող հայութիւնը ինքզինք
զգայ իր հայրենիքին մէջ: Պիտի ընեմ ինչ որ խոստացած եմ նախընտրական ծրագիրով»( ըսած է
Վրաստանի Վարչապետը) :