2013-01-17 15:50:17

''Սումգայիթի Ողբերգութիւնը'' Հատորի Իտալերէն Թարգմանութեան Ներկայացումը


Հռոմի Խորհրդարանի՝ ''Մաքութօ'' Պալատին Մէջ ։
Հայազգի գրող Սամուէլ Շահմուրատեանի ՜՜Սումգայիթի Ողբերգութիւնը՝՝ հատորը իտալերէն թարգմանած է Միլանահայ Տոքթ. Բիէթրօ Քուչուքեան՝ Հ Հ պատուոյ Հիւպատոսը, լոյս տեսած Guerini e Associati հրատարակչատունէն։
Հինգշաբթի 17 Յունուարին յետ միջօրէին, Հռոմի Խորհրդարանի՝ Մաքութօ պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Սումգայիթի ջարդերուն նուիրուած դասախօսական հանդիպում մը որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ հատորը։
Երեսփոխան Սանտրա Ծամբա-ի՝ նախագահը Իտալիա/ Արմենիա բարեկամութեան միջ-պատգամաւորական խորհուրդին ողջոյնի խօսքէն ետք իրենց միջամտութիւնները բերին, իտալացի եւ հայ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, նշենք անոնցմէ՝ Հ Հ դեսպանը Իտալիոյ կառավարութեան մօտ Վսեմաշուք Տիար Ռուբէն Կարապետեան, Հ Հ պատուոյ Հիւպատոսը Տոքթ. Բիեթրօ Քուչուքեան եւ այլ բանախօսներ...
Սումգայիթի Ողբերգութիւնը հատորը կը ներկայացնէ Ողբերգութենէն վերապրածներու վկայութիւնները եւ անոնց կոչը՝ արդարութեան...








All the contents on this site are copyrighted ©.