2013-01-17 12:49:17

Լիբանանի Ազգային Գրադարանի Պաշտօնակազմին Այցելութիւնը Զմմառու Վանք։


Երեքշաբթի 16 յունուարին, առաւօտեան , Տիրամայր Զմմառու վանքի նորաբաց մշակութային կեդրոնն ու ձեռագիր եւ Հնատիպ մատեաններու ցուցահանդէսը այցելեցին Լիբանանի Ազգային Գրադարանի (այժմ վերանորոգման ընթացքի մէջ) տնօրէն՝ Պրն. Ժիրայր Խաչերեան եւ 20 պաշտօնէութիւն: Անոնք այցելեցին նաեւ վանքին թանգարանը, մատենադարանն ու գինեմառանը: Այցելութեան աւարտին հիւրերը ընդունուեցան վանքի դահլիճը ուր եւ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.