2013-01-17 12:46:58

«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Քաղաքացիական Նախաձեռնութիւնը Ճանչցուեցաւ Իբրեւ Տարուան Լաւագոյն Նախաձեռնութիւնը։


«Յանուն ապագայի» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը ճանչցաւ իբրեւ տարուան լաւագոյն նախաձեռնութիւնը:
«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբի անդամ Լիլիթ Գալստեան ilur.am լրատուական կայքէջի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ տարուան լաւագոյնը ճանչցուիլը բոլորին նուիրումին արդիւնքն է:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք հաւատացած են ծրագիրին, մասնակից դարձած են` իրենց ձեռքը մեկնելով պատերազմի իբրեւ արդիւնք անասելի ողբերգութիւն ապրող սուրիահայերուն:
«Նախաձեռնութիւնը այս տարի ալ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը. ցաւով կ՛ըսեմ, քանի որ պատերազմը աւարտելու հեռանկար չ՛արձանագրեր, եւ մեր հայրենակիցները իրենց ճամբուն վրայ բազմաթիւ խոչընդոտներու առջեւ կը կանգնին, իսկ մենք պարզապէս իրաւունք չունինք անտարբեր ըլլալու, կը փորձենք ըլլալ զգօն, նոր ծրագիրներ մշակել եւ շարունակել մեր եղբայրական օգնութեան տրամադրումը մեր հայրենակիցներուն», նշեց Լիլիթ Գալստեան:
Ըստ անոր, քանի որ սուրիական օդանաւային ընկերութիւնը դադրեցուցած է իր թռիչքները, ապա նախաձեռնութիւնը պիտի որդեգրէ նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու մարտավարութիւն:
«Բեռնափոխադրումները շատ ծանր հոլովոյթ են, այս պայմաններուն մէջ` գրեթէ անկարելի: Պիտի շարունակենք Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն օգնութիւն ցուցաբերել, որոշած ենք իւրաքանչիւր շաբաթ օր կուտակուած պարենային օգնութիւնը շարունակել բաժնել Կոմիտասի փողոցին մէջ գտնուող «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ», յայտնեց Գալստեան:
Լիլիթ Գալստեան նաեւ տեղեկացուց, որ նախանցեալ օր, նախաձեռնութիւնը, մինչեւ 8 տարեկան սուրիահայ երեխաներուն նուիրած է' 300 ձմեռնային բաճկոններ՝ որոնք նուէրն էին բարերարի մը «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.