2013-01-16 12:08:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 16 Յունուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը, ակնարկելով Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի ''Տէյ Վերպում - Աստուծոյ Խօսքը'' եկեղեցական սահմանադրութեան, խորհրդաածութիւնը կեդրոնացուց Աստուծոյ Յայտնութեան նիւթին վրայ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Ան, Աստուած հին կտակարանի մէջ կը յայտնուի Իսրայէլի պատմութեան մէջ։ Անոր խոստումները կ՛իրականանան իր Որդւոյն Մարդեղութեամբ։
Արդարեւ Բեթղեհէմի քարայրին մէջ Ան իր դէմքը ցոյց տուաւ Յիսուսի միջոցաւ։ Յիսուս մեզի ճանչցնել կու տայ Աստուծոյ Անունը, Ան որ ներկայ է մարդոց միջեւ։ Յիսուս հակիրճ եւ բովանդակալից Խօսքն է իր Հօրը, նոր եւ յաւիտենական ուխտի միջնորդը։ Անոր մէջ մենք կը տեսնենք ու կը հանդիպինք Հօր Աստուծոյ։ Անոր մէջ կրնանք զԱստուած կոչել ''Հայր'' անունով։ Եթէ կը փափաքինք Աստուծոյ դէմքը տեսնել ամբողջ մեր էութիւնը պէտք է կողմնորոշուի դէպի Յիսուսի հետ հանդիպում, դէպի Անոր ու մեր եղբայր ու քոյրերու սէրը։
Սուրբ Հաղորդութիւնը դպրոցն է ուր կը սորվինք տեսնել Աստուծոյ դէմքը ու Անոր հետ սերտ յարաբերութեան մէջ կը մտնենք, միաժամանակ մեր նայուածքը կը սեւեռենք պատմութեան վերջնական հանգրուանին երբ Ան մեզ կը յագեցնէ իր դէմքի լոյսով առ յաւէտ։ Աշխարհի վրայ մենք կ՛ընթանանք դէպի այն լիութիւնը` սպասելով որ հասնի Աստուծոյ Արքայութիւնը։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած ուխտաւորները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն զանոնք հրաւիրելով նմանելու Սուրբ Անտոն Անապատականի օրինակին ու հետեւելով Քրիստոսի` առանց զիջումի եւ չ՛անտեսելով ամէնօրեայ աղօթքը։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը բոլորին ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.