2013-01-16 12:13:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կոչը ''Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ'' Առթիւ


Չորեքշաբթի 16 յունաուրի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ կոչ մը ուղղեց ''Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ'' առթիւ, որ պիտի նշուի յառաջիկայ 18- 25 յունաուր 2013 եւ որուն այս տարուայ խորագիրն է ''Ինչ որ Տէրը կը պահանջէ մեզմէ'' ներշնջուած` Միքէյի մարգարէի խօսքերէն։

''Ձեզ բոլորդ կը հրաւիրեմ աղօթելու, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան հայրը. աղերսելով Աստուծոյ` Տիրոջ աշակերտներու միութեան մեծ պարգեւի շնորհքը։
Թող Սուրբ Հոգւոյն անսպառ զօրութիւնը մեզ խրախուսէ միութեան փնտռտուքի անկեղծ յանձնառումով, որպէսզի ամէնքս կարենանք միասնաբար դաւանիլ թէ Յիսուս Աշխարհի Փրկիչն է։''








All the contents on this site are copyrighted ©.