2013-01-16 12:04:55

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իսլամ Կրօնականներու Համախմբումի Ներկայացուցիչները։


Երեքշաբթի, 15 յունուարի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի Իսլամ կրօնականներու համախմբումի վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմէին սիւննի եւ շիի հոգեւորականներ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան, կրօնի ընկերային ծառայութեան եւ Լիբանանի ընտրական օրէնքին հետ առնչուած հարցեր: Յիշեալ հարցերուն առնչութեամբ վեհափառ հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.
1) Անհրաժեշտ է աւելի ամրապնդել քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ: Իսլամութեան ու քրիստոնէութեան առաքելութեան շրջագիծին մէջ հասարակաց մտահոգութիւններ եւ մարզեր գոյութիւն ունին, ուր գործակցութիւնը ո՛չ միայն կարելի է, այլ նաեւ` հրամայական:
2) Ընկերային ծառայութիւնը թէ՛ քրիստոնէութեան եւ թէ՛ իսլամութեան առաքելութեան կարեւոր երեսներէն մէկն է: Կրօնը ո՛չ միայն հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու քարոզիչը պէտք է դառնայ, այլ նաեւ ժողովրդային ծառայութեան ճամբով այդ արժէքները պէտք է կենսագործէ ընկերութեան կեանքին մէջ:
3) Անհրաժեշտ է այնպիսի ընտրական օրէնք մը մշակել, ուր համայնքները կարեւոր դեր ունենան իրենց ներկայացուցիչներու ընտրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ պահպանուի Լիբանանի ամբողջականութիւնը եւ ներքին միասնականութիւնը:











All the contents on this site are copyrighted ©.