2013-01-15 14:03:37

Սարկաւագի Ձեռնադրութիւն Իրանի Մէջ


Հինգշաբթի 10 Յունուարի երեկոյեան ժամը 5-ին, Թէհրանի Ս Գրիգոր Լուսաւորչի նուիրուած հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Արհիապատիւ Հ. Նշան արք. Քարաքեհէեան առաջնորդը Իրանի կաթողիկէ հայոց, սարկաւագ ձեռնադրեց կիսասարկաւագ՝ Պեռնարտօ Տէ Նարտօ-ն, որ ստացաւ Տէր Սիմոն անունը։
Նախապէս երեքշաբթի օրը գերապայծառը կիսասարկաւագի կարգը շնորհած էր ժառանգաւոր Պերնար Պեռնարտօ Տէ Նարտոյին։
Գալով Սարկաւագական ձեռնադրութեան արարողութեան որ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր կերպով, հայածէս ձայնաւոր Ս Պատարագի ընթացքին, ներկայ էին, Պապական նուիրակի ներկայացուցիչը, կաթողիկէ, առաքելական եւ աւետարանական եկեղեցիներու պետեր, առաջնորդներ, քահանաներ եւ սարկաւագներ (Լատին, Գաղտէացի եւ Հայ ) կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիներ, հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Յաւարտ Ս պատարագին եւ ձեռնադրութեան արարողութեան ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւները յայտնեցին նորօծ սարկաւագին եւ առաջնորդին ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ դահլիճը։
Ռատիովատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ նորօծ սարկաւագ՝ Տէր Սիմոնը, մաղթելով որ շուտով ստանայ քահանայական կարգը, ծառայելու՝ Աստուծոյ այգիին մէջ, եւ զբաղելու իրանահայ հաւատացեալներու հոգ հոգւոցով։









All the contents on this site are copyrighted ©.