2013-01-15 13:21:05

Մալիի Եկեղեցին Օգնութեան Կը Հասնի Ծայրայեղ Մահմետականներու Զինեալ Գործողութիւններու Զոհ` Տեղահաններուն


Մալիի եկեղեցին կ'աշխատի օգնութեան հասնիլ երկրին կեդրոնը եւ հիւսիսը ապրող այն տեղահաններուն որոնք զինուորական միջամտութեան պատճառաւ հեռացուած են։ Մալիի բնակչութիւնը մեծապէս մխիթարուած է ֆրանսական օդուժի գործողութիւններէն յայտարարած է հայր Էտմոն Տամպել` Մալիի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին քարտուղարը։
Յառաջիկայ օրերուն Մալիի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ժողով մը պիտի գումարէ որուն ընթացքին որոշումներ պիտի առնուին մարդասիրական օժանդակութիւններու համադրման ուղղութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.