2013-01-15 14:15:00

ՀԵԶՈԻԹԻԻՆՆ ՈԻ ՆԵՐՈԻՄԸ՝ ԲՆՈՅԹԸ ԿԵԱՆՔԻՆ


Քրիստոնեայ կրօնքին մէջ, հեզութիւնը հաւատացեալին գոհարներէն մին է : Անով հոգին կը բացայայտուի ու կը վերանայ : Հեզութիւնն ու ներումը կը ներկայացնեն քրիստոնեութիւնը ոչ միայն խօսքերով, այլ նաեւ գործերով, ան կրօն մը չէ աշխարհական կանոնագիրի մը առումով, այլ ապրելակերպ մը՝ կիրառուած հաւատացեալներուն կողմէն եւ լի մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի մաքրութեամբ եւ անմեղութեսւմբ :
Հեզութիւնը հզօր զէնք մըն է որ կրնայ մէկու մը սիրտը փոխել զայն լեցնելով մեղմութեամբ եւ ազնուութեամբ, ան ոյժ մըն է որ կրնայ փոխարկել ամէն անձ՝ զայն դարձնելով առաքինի, օրհնեալ եւ բոլորէն սիրուած :
«Թո՛ղ ձեր խօսքերը ըլլան մեղմ բայց սերտ, որպէսզի իմանաք ինչպէս պատասխանել ամէնուն» կ’ըսէ Իմաստունը : Երբ ձեր բոլոր գործերը լի են հեզութեամբ, կամքով, ուրախութեամբ եւ բարեսրտութեամբ, դժուարութիւնը կ’անհետանայ եւ ձեր աշխատանքը կ’ըլլայ աւելի դիւրին եւ թեթեւ. նոյն պարագան է երբ խաղաղ էք եւ թէ ձանձրոյթը տեղ չունի ձեր մէջ : Սակայն, երբ ձեր խօսքերը կարծր կը դառնան եւ ձեր պատասխանները՝ զեղուն գոռոզութեամբ չէք հանդուրժեր ուրիշին ազդարարութիւնները եւ ժամանակ կը կորսնցնէք ամենահասարակ ինչքերու համար, ձեր հոգին կ’ըլլայ կսկիծ եւ տխրութիւնը ձեզ կը տիրապետէ, ձեզ ընելով ծոյլ եւ զանցաոու անձ մը: Պարզագոյն գործերը ձեզ կը թուին բեռ մը, եւ ուրիշները ձեզ կը համարեն իբրեւ վատ օրինակ :
Եթէ մէկը ձեզի խիստ ու բարկացոտ խօսքեր ըսէ, մի' ընէք անոր նման այլ պատաս-խանեցէք համեստօրէն. եւ եթէ ձեր նուրբ վերաբերումը ազդեցութիւն չունենայ իր զայրոյթին վրայ, անտեսեցէք զայն եւ ոեւէ գայթակղութիւն եւ սրտեղութիւն ցոյց մի տաք : Զեզ չի վայլեր բարեսրտութեան բոցը մարել մի քանի կաթիլ ջուրով : Մի' մոռնաք ձեր անձը, ոճը մի բարցրացնէք այլ միշտ խաղաղ եղէք սրտով, հոգիով եւ խիղճով : Ձեր հանդարտութիւնը մի կորսնցէք անիմաստ պատմութիւններու համար որոնք ձեզ աւելի կը վիրաւորեն քան կ’ուրախացնեն : Կրակին վրայ իւղ մի դնէք եւ ուրիշին յանդիմանութիւնը հանդարտիկ ընդունեցէք:
Թշնամին կարելին կ’ընէ երկպառակութիւն ցանելու ձեր եւ ձեր հարազատներուն միջեւ. մասնակից մի դառնաք անոր դաւադրութեան՝ կացութիւնը թունաւորելով չար խօսքերով, այլ յետ դարձէք եւ վտարեցէք սատանան ձեր սրտէն : Մի արտօնէք որ գայթակղութիւնը ձեզ տիրապետէ եւ ձեր սրտին մէջ մնայ մինչեւ յաջորդ օրը : Մի դպնաք գուրգուրանքին եւ լաւութեան, այլ հարցը լուծեցէք համեստութեամբ եւ խաղաղութեամբ : Եթէ ձեր եղբայրը ձեզ վիրաւորէ ներեցէք անոր՝ նկարագրելով անոր արարքը որպէս թշնամիին ցանած երկպաոակութիւնը ձեր երկուքին միջեւ : Յիշաչարութիւն մի ունենաք անոր հանդէպ եւ ոխի մասին մի մտածէք, այլ նկատեցէք զայն որպէս ձեր անդամներէն մին. ոչ մէկ մարմնային անդամ մը ուրիշ անդամի վնաս կը հասցնէ : Մարդս երբեք իր ակռաները չի խլեր երբ իր լեզուն կը խածնէ կամ իր ոտքը կը յանդիմանէ երբ սայթաքի : Եթէ չէք ներեր ուրիշները երբ ձեզ կը վիրաւորեն չէք կրնար ըսել Ատուծոյ. «Ներէ մեր յանցանքները ինչպէս մենք ալ ուրիշներուն կը ներենք» :
Մի բերկրիք ուրիշին տկարութիւներով, նուաստացումներով, թերութիւնով կամ չարիքով որ անոր կը պատահի, այլ ձեր սրտերուն մէջ պահեցէք ամէն սէր եւ խաղաղութիւն բոլորին հանդէպ՝ ձեր բարեկամներուն եւ ձեր թշնամիներուն հաւասարօրէն. մի գործադրէք առածը «աչք աչքի դէմ, ակռայ ակռայի դէմ», այլ ըմբոնեցէք հետեւեալը «սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք ձեզ հալածողներուն եւ դաժանացնողներուն» : Այսպէս կ’ըլլաք Աստուծոյ զաւակները՝ բարի եւ հնազանդ : Տէրը ստեղծած է արեւը լաւերուն եւ չարերուն համար, եւ Ան անձրեւ կը պարգեւէ հաւասարապէս զոհերուն եւ դահիճներուն : Եթէ միայն սիրէիք ձեզ սիրողները, ի՞նչ արժանիք պիտի ունենայիք : Մեղաւորները կարողութիւն չո՞ւնին սիրելու: Եթէ միայն ձեր սիրելիները ընդունէիք, ինչո՞վ աւելի լաւ պիտի ըլլայիք ուրիշներէն: Նոյն-իսկ մեղաւորները կարողութիւնը ունին սիրելու եւ սիրուելու : Եղէք ուրեմն կատարեալ՝ Աստուծոյ պատկերին նման :
Այս օրերուն, շատ մը մարդիկ կը մտածեն իրենց շահերուն եւ անձնասիրութեան : Քիչեր կ՚ապրին իսկական հեզութեամբ եւ բարութեան ոգիով :

Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.