2013-01-15 12:12:32

Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Արձանագրեց Նախագահական Ընտրութեան Ութը Թեկնածուները։


Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը երէկ տեղի ունեցած արտակարգ նիստին ընթացքին արձանագրեց Հայաստանի նախագահի 8 թեկնածուները: Անոնք են` գործող Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ժառանգութիւն Կուսակցութեան հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննիսեան, Ազատութիւն Կուսակցութեան ղեկավար Հրանդ Բագրատեան, Ազգային Ինքնորոշում Միաւորման նախագահ Պարոյր Հայրիկեան, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին արտաքին գործոց նախարար Արման Մելիքեան, «Ռատիօ Հայ» ընկերութեան տնօրէն Անդրէաս Ղուկասեան, դիւցազնագէտ, անկուսակցական Վարդան Սեդրակեան եւ Ազգային Համաձայնութիւն Կուսակցութեան նախագահ Արամ Յարութիւնեան:
Յիշեցնենք որ նախընտրական քարոզարշաւը պիտի սկսի 21 յունուարին եւ աւարտի 16 փետրուարին:Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 18 փետրուարին:








All the contents on this site are copyrighted ©.