2013-01-15 13:17:24

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքութիւնը Յորդանանի Եկեղեցիներու Իր Դռները Կը Բանայ Սուրիացի Փախստականներուն։


''Եկեղեցիներու եւ ժողովրդապետութիւններու սրահները պատրաստ են հիւրընկալելու մեր սուրիացի եղբայրները, Իսլամ թէ Քրիստոնեայ'', յայտարարած է Երուսաղէմի լատիններու Պատրիարքութեան Յորդանանի Տեղապահ եպիսկոպոսը` գերապայծառ Մարուն Լահհամ։
Այս կարգադրութեամբ Եկեղեցին կ'ուզէ օգնութեան հասնիլ Զաադարի մէջ համախմբուած փախստականներուն, որոնք դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին, վերջին օրերուն պատահած ձիւնամրրիկի եւ փոթորիկներու հետեւանքով։
Նշենք որ Յորդանանին մէջ ներկայիս կը գտնուին աւելի քան 280 հազար փախստականներ։
Սաուտի Արաբիան անցեալ 11 յունուարին յայտարարած էր թէ փախստականներու ի նպաստ 10 միլիոն տոլար յատկացուցած է անմիջական օգնութիւններու համար։ Մակի համաձայն միջին արեւելքի երկիրներու մէջ աւելի քան 600 հազար սուրիացիներ ապաստան գտած են, մասնաւորապէս Սուրիոյ սահմանակից երկիրները` Լիբանան, Յորդանան, Իրաք եւ Թուրքիա։ Մակի գնահատումով եթէ պատերազմը շարունակուի փախստականներու այս թիւը կրնայ 1 միլիոնը գերազանցել։








All the contents on this site are copyrighted ©.