2013-01-15 12:09:48

Արեւելեան Մալիի Մէջ Ֆրանսական Ռմբաձիգներ Կը Հարուածեն Կաօ Քաղաքը։ Իսլամական Զինեալները կը Նահանջեն ։


Ֆրանսական ռմբաձիգներ կիրակի օր Արեւելեան Մալիի մէջ հարուածեցին Կաօ քաղաքը, այսպէս ընդլայնելով ըմբոստներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն դէմ իրենց յարձակումները: Ֆրանսական բանակը ուրբաթ օրուընէ ի վեր Մալիի մէջ իսլամական զինեալներու դէմ գործողութիւններ կը կատարէ` օժանդակելով կառավարական ուժերուն, որոնք կը փորձեն երկրին կեդրոնը գտնուող Քոննա քաղաքը վերագրաւել:
Իսլամական զինեալներուն գրեթէ բոլոր զօրանոցները քանդուած են, իսկ զինեալները` փախուստ տուած:Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ Մալիի մէջ իսլամականներու յառաջխաղացքը կասեցուած է:
Իսլամական խմբակներ եւ Թուարեկ ցեղախումբի աշխարհիկ զինեալներ ապրիլ 2011-ին գրաւեցին Մալիի հիւսիսային շրջանները, սակայն իսլամականները շուտով դարձան շրջանին միակ տէրերը:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ «Ռաֆալ» տիպի ռմբաձիգներ Ֆրանսայէն թռիչք առնելով հարուածած եւ քանդած են ըմբոստներուն պատկանող մարզումի ճամբարներ եւ գումակային պահեստանոցներ:
Մալիի Մէջ Ժիհատականներ Կը Սպառնան։
Մալիի մէջ ժիհատականներ շուրջ ինը ամիսներէ ի վեր երկրին հիւսիսային շրջաններուն տիրող Քայիտայի զինեալները եւ ծայրայեղական իսլամականները հարուածելու Ֆրանսայի ուրբաթ օր ձեռնարկած «վայրագ կատու» գործողութեան պատճառով սպառնացին «Ֆրանսայի խորքը հարուածել»:
Իսկ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ Տունը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ Ֆրանսայի յատուկ ծառայութիւններուն, Սոմալիի մէջ իրենց հայրենակից հետախոյզը փրկելու հարցի կապակցութեամբ թեքնիք աջակցութիւն ցուցաբերած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.