2013-01-14 13:08:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Երկուշաբթի 14 յունուարի առաւօտեան ժամը 11-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Ժողովուրդներու Աւետարանացումի Ժողովի կառավարիչը կարդինալ ֆէրնանտօ ֆիլոնին։ Ապա ժամը 11,30-ին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Իտալիոյ Ապրուցցօ - Մոլիզէ Թեմերու Իտալիոյ եպիկոպոսական համահաւաք դասէն վեց եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Իսկ ժամը 12,15-անց, Գլեմենթինա Սրահին Մէջ, Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի հասարակական անվտանգութեան տեսչութեան աշխատակազմի անդամներուն ու ղեկավարներուն։

Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ` Նորին Սրբութիւնը նախ ներկաներուն շնորհաւորեց Նոր Տարին ու Սուրբ Ծնունդը ու ապա ակնարկեց անոնց աշխատանքին որպէս` Քահանայապետի ապահովութեան պատասխանատուներ անոր տեղափոխութիւններու եւ առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին. ''ձեր գոծունէութիւնը ձեզի պատիւ կը բերէ եւ կը հաստատէ Առաքելական Աթոռի եւ Իտալիոյ հանրապետութեան միջեւ եղած լաւ կապերը։'' - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու շարունակեց - ''Կը մաղթեմ որ ձեր առօրեայ աշխատանքը խրախուսուած ըլլայ քրիստոնէական ամուր հաւատքով որ թանկարժէք գանձ ու հոգեւոր արժէք է զոր ձեր ընտանիքները ձեզի յանձնեցին ու դուք կանչուած էք զայն փոխանցելու ձեր զաւակներուն։ Հաւատոյ Տարին, ապրուած համայն եկեղեցիէն, ձեզի համար ըլլայ առիթ մը վերադառնալու Աւետարանի Պատգամին ու զայն իւրացնելու ձեր խիղճերու ու առօրեայ կեանքին մէջ, քաջութեամբ վկայելով Աստուծոյ սէրը ձեր շրջանակնին։''
Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ իր յղած պատգամին յանձնարարելով. ''ձեր ներկայութիւնը ըլլայ միշտ աւելի ազդու երաշխաւորութիւն մը այն ապահովութեան որ անհրաժեշտ է կառուցելու համար ընկերային խաղաղ ու համերաշխ կեանք մը, որ աւետարանի պատգամէն անդին, քաղաքակրթութեան ճշմարիտ նշան է։
Պենետիկտոս ԺԶ հուսկ խօսքը եզրափակեց Սուրբ Կոյսին հովանիին յանձնելով ներկաները ու բոլորին ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.