2013-01-14 12:08:23

Երկխօսութեան Կատարման Համար Ասսատի Հեռացման Պայմանի Կիրարկումը՝ Անկարելի » Կ՛ըսէ Սերկէյ Լաւրով.


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց սուրիական երկխօսութեան համար առաջարկներ ներկայացնելու` ընդգծելով, որ երկխօսութիւն կատարելու համար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքական թատերաբեմէն հեռացման պայմանի կիրարկումը անկարելի է:
Պէյրութի մէջ ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հերքեցին, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի եւ ռուս պաշտօնատարները համաձայն են ՝՝կազմութեանը՝՝ սուրիական փոխանցման կառավարութեան մը՝ որ փոխանցման հանգրուանի ընթացքին կը ստանձնէ Ասսատի բոլոր լիազօրութիւնները:
«Ռուսիա կողմերուն միջեւ երկխօսութեան ճամբով փոխանցման հոլովոյթին կ՛աջակցի եւ Իպրահիմիի հետ փոխանցման կառավարութեան` նախագահ Ասսատի բոլոր լիազօրութիւնները ստանձնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի»:
Իսկ Սուրիական Ազգային Խորհուրդի նախկին նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտա սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «յետասատեան Սուրիոյ վերաբերեալ պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են»` ընդգծելով, որ «իսլամականները յետասատեան Սուրիոյ մէջ իշխանութեան պիտի չհասնին, որովհետեւ հատուածներն ու հոսանքները նախանձախնդիր են, որ ապագայ Սուրիան իր բոլոր զաւակներուն եւ յարանուանութեանց ըլլայ», եւ աւելցուց, որ «սուրիական ընկերութիւնը չափաւորական է եւ ծայրայեղականութիւնը պիտի չընդունի»:
Միւս կողմէ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ ըստ օրաթերթին հասած տեղեկութեանց, թրքական կառավարութիւնը Քայիտայի մաս կազմող «Ժապհաթ Նուսրա» զինեալ խմբաւորման դիմաց Սուրիոյ հետ իր սահմանը ժամանակաւորապէս փակած է, որովհետեւ խումբի ազդեցութիւնն ու փառամոլութիւնը մեծցած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.