Գահիրէի Մէջ Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Նիստը.
Արաբ արտաքին գործոց նախարարները Գահիրէի մէջ գումարեցին արտակարգ նիստ մը` քննարկելու
համար Սուրիոյ մօտակայ երկիրները հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող թղթածրարը: Արաբական
լիկային մէջ (Լիբանանի պահանջով) գումարուած այս նիստին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի արտաքին
գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Իր
խօսքին մէջ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւին արձանագրած
աճը կրնայ վտանգներ պատճառել` աւելցնելով, որ Լիբանան գաղթող սուրիացիներուն թիւը յառաջիկայ
յունիսին պիտի հասնի 425 հազարի: Ան նշեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ սուրիացի
գաղթականներուն տարրական կարիքներուն հասնելու` ընդգծելով միաժամանակ որ հակառակ տարակարծութիւններուն,
Լիբանանի կառավարութեան մէջ կայ համախոհութիւն մը` գաղթականներուն դիմաց Լիբանանի սահմանները
չփակելու: Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի կարելիութիւնները արդէն իսկ սպառած են,
որովհհետեւ արդէն իսկ Լիբանան հասած են աւելի քան 200 հազար սուրիացի գաղթականներ: «Բայց
եւ այնպէս Լիբանան կը գիտակցի իր պարտականութեան եւ զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն կ՛որոնէ»,
ըսաւ ան: Նիստին ընթացքին խօսք առաւ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարը, որ յայտնեց,
թէ Քուէյթ 30 յունուար 2013-ին պիտի հիւրընկալէ խորհրդաժողով մը եւ նուիրատու երկիրներէն
կարելի եղածին չափ մեծ գումար մը պիտի գոյացնէ սուրիացի ժողովուրդին համար: Նշենք,
որ Արաբական լիկան որոշեց նաեւ սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող երկիրները պատուիրակութիւններ
գործուղել` ճշդելու համար գաղթականներուն իսկական կարիքները: