2013-01-13 11:06:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սիքստինեան Մատրան մէջ, Նախագահեց Մկրտութեան Սուրբ Խորհուրդի Արարողութիւնը ։


Կիրակի 13 յունուարի առաւօտեան ժամը 9,45-ին, Յիսուսի Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սիքստինեան Մատրան մէջ Վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին 20 մանուկներուն մաատակարարեց Մկրտութեան ս. խորհուրդը։ Արարողութեան մասնկցեցան որպէս առընթերականեր Վատիկանի կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար` գերապայծառ Ճուզեփփէ Շաքքա եւ Առաքելական ողորմաբաշխ` գերապայծառ Կուիտօ Բոցցօ։
Նշենք որ 20 մկրտուող մանուկներէն մին` մեր հայրենակից Հովիկ եւ Թաթիանա Պօղոսեանի, անցեալ 12 դեկտեմբերի աշխարհ եկած, փոքրիկն Անճէլիքա Պօղոսեանն է։

Սրտագին Շնորհաւորութիւններ Ռատիովատիկանի անձնակազմի կողմէ Պօղոսեան ընտանիքին։

Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի մատակարարման արարողութեան առթիւ իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր
Սուր Ծննդեան տօնին առթիւ յառաջացած ուրախութիւնը այսօր իր կատարումը կր գտնէ Տիրոջ Մկրտութեան Տօնակատարութեամբ։ Այս ուրախութեան կ՛աւելնայ այլ առիթ մը որ մեզ համախմբած է հոս այսօր. Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին մէջ կը յայտնուի Սուրբ Հոգւոյն կենդանի ներկայութիւնը, որ կը հարստացնէ Եկեղեցին նոր անդամներով, զայն կը կենդանացնէ ու կ՛աճեցնէ։ Այս առթիւ կը փափաքիմ ձեզի սիրելի ծնողներ, կնքահայրեր ու կնքամայրեր, ուղղել յատուկ ողջոյն մը, որ այսօր կը վկայէք ձեր հաւատքը, այս մանուկներուն համար խնդրելով մկրտութիւնը որպէսզի նորոգուին Քրիստոսի մէջ նոր կեանքով եւ մաս կազմեն հաւատացեալ հասարակութեան ։

Սրբազան Հայրը ապա մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Ղուկասի աւետանրանէն ուր կը խօսուի Յիսուսի Մկրտութեան մասին եւ ուր կը յայտնուի - ըսաւ Սրբազան Հայրը - այն խոնարհեցումի եւ հեզութեան ճանապարհը զոր Աստուծոյ Որդին ազատօրէն ընտրեց կատարելու համար իր Հօր կամքը, եւ հնազանդելու Անոր Սիրոյ իղձին հանդէպ մարդուն մինչեւ խաչի զոհաբերումը։
Աստուածային առաքելութիւնը կ՛ուզէ խնամել վերաւորները, բուժել հիւանդները եւ իր վրայ վերցնել աշխարհի մեղքերը։ Անոր փրկարար մահով է որ մարդը ազատեցաւ մեղքի բռնութենէն եւ հաշտուեցաւ Հօր հետ ու Անոր Յարութեամբ մարդը ազատեցաւ յաւիտենական մահէն ու յաղթեց չարին - յարեց Նորին Սրբութիւնը - ու ապա ընգծեց Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին իմաստը. ''ձեր մանուկները պիտի միանան խոր ու վերջնական կերպով Յիսուսի հետ, մխրճուած Անոր մահուան խորհուրդին մէջ որ Կեանքի ակնաղբիւր է, որպէսզի մասնակից դառնան Անոր Յարութեան եւ վերածնին նոր կեանքով։''
Հուսկ խօսքը ուղղելով նորածիններու ծնողաց ըսաւ ''Սիրելի ծնողներ խնդրելով Մկրտութեան խորհուրդի մատակարարումը ձեր մանուկներուն համար դուք կը յայտնէք ու կը վկայէք ձեր հաւատքն ու ուրախութիւնը ըլլալու քրիստոնեաներ եւ պատկանելու Եկեղեցւոյ։ Ուրախութիւն մը որ կը յառաջանայ այն Աստուծոյ պարգեւած մեծ շնորհքի գիտակցութենէն որ է Հաւատքը։ Պարգեւ մը որուն մեզմէ ոչ մէկը արժանի էր եւ որ մեզի տրուեցաւ ձրիօրէն եւ որուն մենք ըսինք մեր ''Այօ'' ն։
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը ուղղելով կնքահայրերուն ու կնքամայրերուն ըսաւ. ''ձեր կարեւոր պատասխանատութիւնը այն է աջակցիլ ու նպաստել ծնողներուն կրթական պարտականութեան գործին, անոնց նեցուկ կանգնելով հաւատքի ճշմարտութիւններու փոխանցման եւ Աւետարանի արժէքներու վկայութեան մէջ, այս մանուկները աճեցնելով Տիրոջ հետ միշտ աւելի խոր բարեկամութեամբ։

Խօսքը եզրափակելով Պենետիկտոս ԺԶ ըսաւ. ''Ջուրը որով այս մանուկները պիտի կքնուին Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ, զիրենք պիտի մխրճէ այն ''կենաց աւազանին'' մէջ որ է նոյնինքն Աստուած եւ զիրենք պիտի դարձնէ Անոր իսկական զաւակները։ Մինչ այս մանուկներուն համար կը խնդրենք Սուրբ Հոգւոյն շնորհքի զեղումը զանոնք կը յանձնենք Սուրբ Կոյսին` թող զիրենք իր մայրական ներկայութեամբ միշտ պահպանէ եւ հետեւի անոնց, իրենց կեանքի ամէն պահերուն։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.