2013-01-12 12:40:50

Սուրիոյ Մասին Ժընէվի Հանդիպումը Վերջ Գտած Առանց Շօշափելի Արդիւնքի։


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Պոկտանով ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուիլիըմ Պըրնզ երէկ Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ գումարեցին Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման կարելիութիւններու քննարկման ժողով մը, որ իր տեսակին մէջ անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր երրորդն է:
Առաջին ժողովը գումարուած էր 6 դեկտեմբեր 2012-ին` Իրլանտայի մայրաքաղաք Տուպլինի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի մասնակցութեամբ, իսկ 9 դեկտեմբեր 2012-ի նիստին զանոնք փոխարինած էին Պոկտանովն ու Պըրնզը:
Ժողովը դռնփակ էր եւ ատոր մանրամասնութիւններուն մասին գրեթէ ոչ մէկ տեղեկութիւն սպրդեցաւ:
Ժընեւի հանդիպումը վերջ գտաւ առանց շօշափելի արդիւնքի, սակայն Իպրահիմի նշեց, որ ժողովին մասնակիցները համամիտ գտնուած են, թէ Սուրիոյ տագնապին զինուորական լուծում գոյութիւն չունի եւ թէ լուծումը քաղաքական է` Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթթա յայտարարեց, որ «Ասատի տապալումին պարագային քիմիական զէնքերու անվտանգութեան ապահովումը առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ», սակայն նշեց, որ Սուրիոյ վարչակարգի տապալման պարագային Միացեալ Նահանգներ այդ նպատակի իրագործման համար իր զինուորները Սուրիա պիտի չուղարկէ:
Ըստ Փենթակոնի ղեկավարին, կարեւոր է որոշել, որ միջազգային ընտանիքը ի՛նչ միջոցառումներ պէտք է ձեռնարկէ` երաշխաւորելու համար, որ քիմիական զէնքերը «չար ձեռքերու մէջ» չյայտնուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.