2013-01-12 12:07:45

Կարդինալ Սանտրին Աւարտեց Եգիպտոսի Հովուական Այցելութիւնը։


Գոհունակութիւն կը յայտնենք քեզի Տէր որ մեզի պարգեւեցիր շնորհքը կառուցելու այս եկեղեցին։ Նոր եկեղեցւոյ օծումը կը մատնանշէ կեանքի եւ ծիսակատարութեան միջեւ կապը։ Խաղաղութեան Տիրամօր նուիրուած նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութեամբ է որ հինգշաբթի 10 յունուարի երեկոյեան վերջ գտաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Նախագահ կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրիի Եգիպտոս կատարած հովուական այցելութիւնը որ սկիզբ առած էր յունաուր 6-ին։
Այդ առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ Արեւելեան Եկեղեցիեներու Ժողովի կառավարիչը մէջբերելով Եսայի մարքարէին խօսքերը ըսաւ ''այն օրերուն եգիպտացիները եւս պիտի ճանչնան Տէրը ու անոր պիտի ծառայեն ու զոհեր պիտի մատուցեն...Եգիպտոսի հողին վրայ խորան մը պիտի բարձրանայ Տիրոջ համար։'' Ծիրանաւորը ապա հաւատացեալներէն խնդրեց չի դադրին յոյսով ապրելէ եւ ստուգելէ թէ ''իսկապէս կը վստահինք Աստուծոյ հաւատարմութեան''։
Կարդինալ Սանտրին քարոզը եզրափակեց խաղաղութեան Տիրամօր յանձնելով ''աղօթքը բոլոր տառապող քրիստոնեաներուն համար եւ պատերազմի զոհ ժողովուրդներուն։ Բոլորին համար ընդունի որպէս Խաղաղութեան Իշխանի Մայր, ազատութիւն (կրօնական), ապահովութիւն եւ արժանապատութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.