2013-01-12 12:06:55

Գաղթականներու Ու Փախստականներու 99-րդ Օր։


Կիրակի 13 յունուար 2013-ին կը նշուի գաղթականութեան եւ փախստականներու համաշխարհային օրը։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած էր որուն բնաբանն է ''Գաղթականութիւն. հաւատքի եւ յոյսի ուխտագնացութիւն'' եւ որուն ներկայացումը կատարուած էր անցեալ 29 հոկտեմբեր 2012-ին։

Պտագամին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրած էր <<թէեւ կը գտնուինք տնտեսական համաշխարհային ծանր տագնապին մէջ, սակայն հարկաւոր է միշտ յարգել գաղթականին հիմնական իրաւունքները>> ու հրաւիրած պետութիւնները չփակելու իրենց սահմանները այլ արմատականօրէն լուծելու մարմնավաճառութեան ու անհատներու շահագործումի հարցերը։

«Սիրելի եղբայր եւ քոյր գաղթականներ, թող այս համաշխարհային օրը վերանորոգէ ձեր վստահութիւնը եւ յոյսը Տիրոջ հանդէպ, որ միշտ մեր հետ կը մնայ», յայտնած էր Սրբազան Քահանայապետը, կոչ ուղղելով ճանչնալու Աստուծոյ դիմագիծը «բարի գործերուն» եւ «ընդունելութեան ու հիւրընկալութեան վկայութիւններուն» միջոցաւ։

Գաղթականութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կարդինալ Վելիօ անցեալ 29 հոկտեմբերի 2012-ին մամուլին ներկայացնելով Սրբազան Քահանայապետին պատգամը յայտնած էր ''թէեւ ամէն պետութեան իրաւունքն է պաշտպանել իր քաղաքացիները ու պահպանել իր մշակութային ինքնութիւնը, սակայն անիկա ոչ մէկ իրաւունք ունի վտարելու գաղթականը։''








All the contents on this site are copyrighted ©.