Վատիկանի Պետութեան Դատարանի Դատական Տարուայ Բացումը:
Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն, շաբաթ 12 յունուարի առաւօտեան
ժամը 9-ին, Վատիկանի Կառավարութեան շէնքին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը,
Վատիկանի Պետութեան Դատարանի դատական տարուայ բացումը կատարելով։ Սուրբ արարողութեան
աւարտին Վատիկանի Դատարանի Սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ արդարութեան ի խնդիր գործող Փրոֆ
Նիքոլա Փիքարտիի տեղեկագիրի ներկայացումը։