2013-01-11 12:41:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը Հիւանդին Համաշխարհային 21-րդ Օրուան Առթիւ Որ Կը Վերակոչուի 2013-ի՝ 11 Փետրուարին։


՜՜Բարի սամարացիներ տառապող մարդկութեան համար-Գնա՛, դո՛ւն ալ նոյնպէս ըրէ ՝՝ բնաբանով։

Նորին Սրբութիւնը, այս պատգամով, կոչ կ'ուղղէ արժէքաւորելու՝ հիւանդներուն տառապանքը ։
Հիւանդները կարող են դառնալ օրինակ եւ խթան մը։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը հրաւիրէ քրիստոնեաներն ու բարի կամք ունեցող մարդիկը ընդօրինակելու Եկեղեցւոյ այն դէմքերը որոնք իրենց ներգործութեամբ օգնութեան հասան կարիքաւորներու եւ արժէքաւորեցին տառապանքը մարդկային ու հոգեւոր գետնի վրայ։
Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ, յիշեց կարգ մը դէմքեր որոնք իրենց դրական ներգործութեամբ ու նուիրումով խնամեցին հիւանդը։ Ան մանսաւորապէս խօսեցաւ ֆրանսացի Ռաուլ ֆոլլերօ-ի մասին (1903-1977) որ սկիզբ տուաւ բորոտութեան հիւանդութեան համաշխարհային օրուան։յիշեց նաեւ՝ Կալկաթայի մայր Թերեզան (1910-1997), Սրբուհի Աննա Շաֆֆերը՝ (1882-1925) որ իր կեանքին մեծ մասը անկողին անցուց։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը վերջերս զինք խորաններու պատւոյն բարձրացուց։
Սրբազան Քահանայապետին հիւանդին համաշխարհային օրուան 2013-ի պատգամը ներշնչուած է բարի սամարացիի առակէն . «Մէկը Երուսաղէմէն Երիքով կ՚ իջնէր եւ աւազակներու ձեռքը ինկաւ, որոնք մերկացուցին զայն, վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին: Պատահեցաւ որ քահանայ մը իջնէ այդ ճամբայէն. տեսնելով զայն՝ միւս կողմէն անցաւ: Նմանապէս Ղեւտացի մը հասնելով այդ տեղը՝ գնաց եւ տեսաւ, ու միւս կողմէն անցաւ: Բայց Սամարացի մը՝ որ կը ճամբորդէր, եկաւ անոր քով, եւ տեսնելով զայն՝ գթաց: Մօտեցաւ, փաթթեց անոր վէրքերը, վրան ձէթ ու գինի թափելով եւ իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զայն պանդոկ մը, ու հոգ տարաւ անոր: Հետեւեալ օրը՝ երբ կը մեկնէր անկէ, հանեց երկու դահեկան, տուաւ պանդոկապետին եւ ըսաւ անոր. «Հո՛գ տար ատոր, ու ի՛նչ որ աւելի ծախսես՝ պիտի վճարեմ քեզի երբ վերադառնամ»: Ուրեմն այս երեքէն ո՞վ կը կարծես թէ ընկերը եղաւ աւազակներու ձեռքը ինկողին»: Ան ալ ըսաւ. «Ա՛ն՝ որ կարեկցեցաւ անոր»: Ուստի Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, դո՛ւն ալ նոյնպէս ըրէ»:
Բարի սամարացիի առակով, Սրբազան Հայրը կը մատնանշէ թէ ի՜նչպէս պէտք է ըլլայ դիրքը Յիսուսի աշակերտին հանդէպ բոլորին եւ մասնաւորապէս կարիքաւորներուն ու խնամքի կարօտեալներուն։ Յիսուսի աշակերտը կանչուած է ոյժ առնելու Աստուծոյ անհուն սէրէն, որպէսզի կարողանայ ամէն օր իր դրական սատարը բերել կարիքաւորին, նիւթական թէ հոգեւոր գետնի վրայ։ Նման յանձնառումի մը -ընդգծեց Սրբազան հայրը- կանչուած են բոլոր քրիստոնեաները եւ ոչ միայն բժիշկներն ու հիւանդապահները ։
Նշենք որ 2013-ի հիւանդին համաշխարհային օրուան արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ Գերմանիոյ Պավարիա շրջանի՝ Մարեմեան Ալթոդինկ ''Տիրամայր շնորհաց'' կոչուած սրբավայրին մէջ։ Քահանայապետական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ կարտինալ Զիկմունդ Զիմովսքին` նախագահը առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.