2013-01-11 12:41:46

Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահին Այցելութիւնը Անթիլիաս։


Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս հինգշաբթի, 10 յունուարի երեկոյեան, այցելեց Անթիլիասի մայրավանք։ Նախագահին կ՝ընկերանար, նախարարներէ եւ երեսփոխաններէ բաղկացած՝ 18 հոգինոց պատուիրակութեան մը: Նախագահը եւ Արամ Ա. կաթողիկոս նախ առանձին հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ու Կիպրոսի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Կիպրոսի յարաբերութեանց եւ կիպրահայ համայնքին եւ ազգային պահանջատիրութեան առնչուած հարցեր: Որմէ ետք վեհարանի դահլիճին մէջ վեհափառն ու նախագահը իրենց ողջոյնի խօսքերը արտասանեցին: Արամ Ա անդրադարձաւ Կիլիկեան շրջանէն սկսեալ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութեան` քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրօնական եւ այլ մարզերուն մէջ: Երկու ժողովուրդները -ըսաւ Վեհափառը- եղած են ճակատագրակից` ենթարկուելով նոյն հալածանքներուն, բռնագրաւման ու ջարդին, ու երկու ժողովուրդներն ալ պահանջատէր են արդար դատին։ Խօսելով կիպրահայ համայնքի մասին` վեհափառը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց պետութեան ցուցաբերած հոգածութեան գծով: Այս ծիրին մէջ վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ Սուրբ Մակարայ վանքին, առաջնորդարանին, եկեղեցւոյ, դպրոցին ու ազգապատկան կալուածներուն, որոնք կը գտնուին Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած շրջաններուն մէջ, եւ յիշեցուց նախագահ Խրիսթոֆիասին, որ պէտք է բարւոք լուծում մը գտնուի` միջազգային օրէնքի լոյսին տակ, բռնագրաւուած կալուածներու հարցին:
Այս առթիւ վեհափառը Կիլիկեան «Իշխան»-ի կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի նախագահը:
Խօսք առնելով նախագահ Խրիսթոֆիաս անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան «Հայ եւ յոյն ժողովուրդները զինակից են արդարութեան համար տարուող պայքարին մէջ» ըսաւ ան, եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Կիպրոսի հայութեան մասին, շեշտելով, որ գրաւեալ շրջաններուն մէջ գտնուող ազգապատկան կալուածներու հարցը Կիպրոսի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հետապնդել:
Հանդիպման աւարտին, Արամ Ա., նախագահ Խրիսթոֆիաս ու ուղղուեցան Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան-մատուռը, ուր աղօթք եւ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ հայ նահատակներու հոգւոյն։ Ներկայ էին նաեւ՝ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, Լիբանանի առաջնորդը, միաբան հայրեր, երեք հայ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, պետական հայ նախարարներ ու երեսփոխաններ:
Նոյն երեկոյեան, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը՝ զօր. Միշել Սլէյման ի պատիւ Կիպրոսի նախագահին ճաշկերոյթ մը սարքեց, որուն ներկայ եղաւ նաեւ վեհափառ հայրապետը: Նոյն գիշերն իսկ, միօրեայ այցելութեան աւարտին, Կիպրոսի նախագահը վերադարձաւ Կիպրոս:








All the contents on this site are copyrighted ©.