2013-01-10 12:31:11

Յունուար 10-էն Ետք Եւրոպացիներու Մուտքը Հայաստան՝ Ազատ ։


Յունուար 10էն սկսեալ եւրոպացիները, երբ հատեն Հայաստանի սահմանը, անոնցմէ ոչ գումար պիտի գանձուի, ոչ ալ անձնագրի մէջ կնիք պիտի դրուի: Որոշումը կառավարութիւնը կայացուցած էր Հոկտեմբերին:
Մինչ այս Եւրոմիութեան քաղաքացիները Հայաստանի մէջ 21 օր բնակելու համար կը վճարէին 3000 դրամ, 120 օրուայ համար՝ 15.000 դրամ: Փափաքի պարագային կրնային երկարաձգել Հայաստանի մէջ մնալու ժամկէտը մինչեւ 60 օր՝ իւրաքանչիւր օրուան համար վճարելով 500 դրամ: Գումարը այլեւս չեն վճարեր, բայց 180 օրը լրանալէն ետք պէտք է կամ սահմանը հատեն, կամ կեցութեան կարգավիճակ ստանան:

Եւրոմիութիւնն ալ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար կը դիւրացնէ վիզաներու տրամադրումն ու կեցութեան իրաւունքը: Դեկտեմբեր 17ին Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած էր մուտքի արտօնագրի դիւրացման մասին համաձայնագիրը, որ վաւերացումէն մի քանի ամիս անց, ուժի մէջ պիտի մտնէ:
Այդ պարագային 16 տարբեր մասնագիտութիւններ կամ արհեստներ ունեցող Հայաստանի քաղաքացիներուն համար աւելի դիւրացուած համակարգ պիտի գործադրուի եւ պարզ պիտի ըլլայ մուտքի վիզա ստանալ, ինչպէս նաեւ պիտի պակսեցուի վճարագինը, որոշ պարագաներու ալ ամբողջութեամբ պիտի վերցուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.