2013-01-10 11:33:08

''Միջին Արեւելքը Պէտք է Զգայ Եկեղեցւոյ Հոգատարութիւնը'' Կ՛ըսէ Կարդինալ Սանտրին։


Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրին 6 - 11 յունուար Հովուական այցելութեամբ մեկնած է Եգիպտոս։
Իր կեցութեան ընթացքին ծիրանաւորը հանդիպումներ կ՛ունենայ տեղական քրիստոնեայ եկեղեցական բարձարստիճան իշխանութիւններու հետ, կը կատարէ նորակառոյց եկեղեցւոյ մը օծումը ու կը մասնակցի երկու միաբանութիւններու յոբելինական արարողութիւններուն։
Զորեքշաբթի 9 յունուարին Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը նախագահեց ֆրանչէսկեան ''Մարիամու Անարատ Սրտի Միաբանութեան'' հիմնադրութեան 200 ամեակի առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագը ու այդ առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց ''միջին արեւելեան շրջանները պէտք են զգալ տիեզերական եկեղեցւոյ խնամատար մտահոգութիւնը'' ու մատնանշեց ''մարդու բռնութեան հետեւանքով այնքան վիրաւորուած Սուրիոյ եւ Իրագին''։
Կարդինալ Սանտրիի հովուական այս այցելութիւնը կ՛ուզէ խրախուսել միջին արեւելքի քրիստոնեաները ու զանոնք քաջալերել յիշեցնելով անոնց որ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ չեն այլեւ իրենց երկրին լիարժէք քաղաքացիներ։

10 Յունուարի յետ միջօրէին Կարդինալ Սանտրին կը փոխադրուի Շարմ էլ Շէյխ ուր երեկոյեան կը նախագահէ ''Խաղաղութեան Տիրամօր'' նուիրուած` նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը որուն ներկայ կը գտնուին ''միջազգային հասարակութեան'' ներկայացուցիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.