2013-01-10 11:37:34

Թէոդորոս Պապը Ցաւ Յայտնած Է Եգիպտոսի Մէջ Քրիստոնեաները Իրենց Տօներուն Առիթով Շնորհաւորելը Մեղք Նկատելու Հրամանագիրի Առնչութեամբ։


Ղպտիներու Թէոդորոս Բ. պապը ցաւ յայտնեց քրիստոնեաները իրենց տօներուն առիթով շնորհաւորելը մեղք նկատելու առնչութեամբ եւ կոչ ուղղեց այդ կոչերուն հակադարձելու ու զանոնք արձակողները մեկուսացնելու: Ան եգիպտական ամբողջ ընկերութիւնը պատասխանատու նկատեց Եգիպտոսի մէջ ղպտիներուն զգացած մտավախութեանց համար:
Թէոդորոս Բ. պապը «Էմ.Պի.Սի. Մասր» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ շաբաթ օր ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «տօներուն առիթով ղպտիները չշնորհաւորելու կրօնական հրամանագիրը մեզի մեծ ցաւ պատճառող հարց մըն է»` աւելցնելով, որ ընկերութիւնը պէտք է այդպիսի հրամանագիր ուղղողներուն «ամօթ» կամ առնուազն «լռէ՛» ըսէ:
«Լրատուամիջոցները պէտք չէ գործակցին անոր հետ, որ ընկերութեան պատկերը կ՛աղաւաղէ եւ միւսը կը մեկուսացնէ», նշեց ան:
Եգիպտոսի մէջ Իրաւունքներու եւ բարեփոխումներու իսլամական օրէնքի մարմինը, որուն մաս կը կազմեն Իսլամ եղբայրները, սալաֆական հոսանքներ եւ Ժամաա Իսլամիյան երկու շաբաթ առաջ իրենց կրօնական տօներուն առիթով քրիստոնեաները չշնորհաւորելու կրօնական հրամանագիր մը հրապարակած էր:
Թէոդորոս Բ. պապը նշեց, որ «Եգիպտոսի գեղեցկութիւնը անոր բազմազանութեան մէջ է եւ պէտք է բոլորս զայն պահպանենք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.