2013-01-10 12:22:26

Եւրոպական Խորհրդարան-Հայաստան Բարեկամական Խումբի Ստեղծումը։


Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի շէնքէն ներս (Պրիւքսել), Յունուար 9-ին, պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Եւրոպական խորհրդարան – Հայաստան բարեկամական խումբի ստեղծումը, նախագահութեամբ դոկտ. Էլենի Թէոխարուսի (Եւրոպայի Ժողովրդական Կուսակցութիւն, Կիպրոս), եւ ներկայութեամբ ՀՀ Ազգային ժողովի 25-անդամ պատուիրակութեան մը, նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ։ Բարեկամութեան խումբի ստեղծման ներկայ էր նաեւ Եւրոմիութեան կրթութեան, մշակոյթի, բազմալեզուականութեան եւ երիտասարդական հարցերու յանձնակատար տիկին Անտրուլա Վասիլիու։ Բացումի պաշտօնական խօսքերուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն մը, հոն ներկայ պելճիքահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ անձնաւորութիւններուն համար։
՝՝Եւրոխորհրդարան – Հայաստան՝՝ բարեկամութեան խումբի նախագահ Էլենի Թէոխարուս իր խօսքին մէջ նշեց, թէ ան մեծ պատուով ստանձնած է սոյն պաշտօնը, որ իրար աւելի մօտ պիտի բերէ Եւրոմիութիւնն ու Հայաստանը, եւ թէ այս խումբը Հայաստանի դէպի Եւրոմիութիւն ճամբան աւելի լայն կը բանայ։ Ան շարունակելով ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը անցեալին եղած է Ցեղասպանութեան զոհ՝ Թուրքիոյ կողմէ, ճնշուած՝ Խորհրդային Կարգերու կողմէ եւ ինքզինք ազատած Ազերի Լուծէն՝ Արցախի Անկախութեամբ։ Թէոխարուս իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ հայկական մշակոյթով, երաժշտութեամբ, արուեստով ու բանաստեղծութեամբ եւ Մասիսներու կախարդական ներկայութեամբ մենք հոգեպէս շատ կը հարստանանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.