2013-01-09 13:04:03

Տօնական Օրերուն 368 Նորածիններ՝ Երեւանի Մէջ


Մայրաքաղաքի ծննդատուներուն մէջ 1-7 Յունուարին ծնած է 368 երեխայ։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է առողջապահութեան նախարարութիւնը՝ մանրամասնելով, որ երեխաներուն 272ը մայրաքաղաքի, իսկ մնացեալը մարզերու ծնունդներ են։
Երեւանէն ետք մեծագոյն թիւով նորածիններով օժուած մարզը Արմաւիրն է՝ 24 նորածին:
Իրենց զաւակները նախընտրած են Երեւանի մէջ լոյս աշխարհ բերել Վայոց ձորի եւ Շիրակի մարզերու երեքական ընտանիքներ: Տօնական օրերուն Արարատի մարզէն 18, Կոտայքի մարզէն 17, Տաւուշի եւ Սիւնիքի մարզերէն 5ական երեխաներ ծնած են Երեւանի մէջ։ Արագածոտնի մարզէն արձանագրուած է 9, Գեղարքունիքէն 8, Լոռիէն 4 ծնունդ:









All the contents on this site are copyrighted ©.