Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Երեք Հայերը Ազատ Արձակուած ։
Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող սուրիական Ռաքքա քաղաքի ճանապարհին վրայ, երկու
շաբաթ առաջ առեւանգուած երեք հայեր ազատ արձակուած են: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին
տեղեկացուցած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեանը՝
աւելցնելով, որ անոնք ողջ-առողջ վերադարձած են տուն. իսկ ինչ կը վերաբերի 2012ի Հոկտեմբերին
Պէյրութէն Հալէպ ճանապարհին վրայ առեւանգուած հայերուն՝ ապա անոնց վերաբերեալ տեղեկութիւն
չկայ տակաւին: Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ Հալէպի մէջ, ընդհանուր առմամբ, տօնական
օրերուն միջադէպեր տեղի չեն ունեցած եւ իրավիճակը աւելի հանգիստ եղած է: Տօնական տրամադրութիւն
չէ տիրած ժողովուրդին մօտ. տեղի ունեցած է միայն եկեղեցական արարողութիւն: Հանդարտ իրավիճակը
շարունակուած է նաեւ մինչեւ Յունուար 8, թէեւ համացանցի եւ հեռաձայնի կապերը անկանոն
կը գործեն, եղանակը՝ անձրեւոտ ու ցուրտ, ելեկտրականութիւն կը մատակարարուի մէկ-երկու
ժամ միայն օրուան ընթացքին, իսկ կէսօրէ ետք քաղաքը կ՛ընկղմի ամայութեան եւ խաւարի մէջ: Թէպէտ
Հալէպի մէջ վերջերս մեծ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած, այնուամենայնիւ, մամլոյ քարտուղարին
խօսքով՝ լարուած եւ անորոշ իրավիճակը կը շարունակուի: Միաժամանակ՝ մարդիկ դրական փոփոխութիւններու
յոյս ունին: